Արարատ մարզի Երասխ գիւղի համայնքապետը կրակոցներու հետեւանքով վիրաւորուած է։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Նիւզ.ամ» կայքը նշելով նաեւ, որ Ռադիկ Օղիկեանի կեանքը վտանգուած չէ։
Կը նշուի նաեւ, որ Օղիկեան վիրաւորուելէ ետք փոխադրուած է «Արարատ» հիւանդանոց, որմէ ետք ալ փոխադրուած է Երեւան։
Յիշեցնենք, որ վերջին քանի մը օրերուն ԶԼՄ-ներու ուշադրութեան կեդրոն դարձած էր Երասխ համայնքը եւ թշնամի ատրպէյճանեան ուժեր անդադար կրակ կը բանային հայկական պաշտպանական դիրքերուն ուղղութեամբ։