image

Ս.Դ.Հ.Կ. 23-րդ Համագումարի Պատուիրակները Այցելեցին Եռաբլուր

Ս.Դ.Հ.Կ. 23-րդ Համագումարի Պատուիրակները Այցելեցին Եռաբլուր

Սեպտեմբեր 23-ին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 23-րդ Համագումարի աշխատանքներու մեկնարկին ընդառաջ, տարբեր երկիրներէ Հայաստան ժամանած պատուիրակները այցելեցին Եռաբլուր զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի պաշտպանութեան ճանապարհին իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին։

 

Պատուիրակութեան անունով ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ նահատակներու յուշահամալիրին առջեւ, որմէ ետք խօսք առաւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Համբիկ Սարաֆեան։

 

Ան ընդգծեց, որ Եռաբլուրը միայն խոնարհումի վայր չէ, այլ նաեւ պատասխանատուութեան ուխտատեղի՝ յիշեցնելով, որ հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներուն յիշատակը կը պարտաւորեցնէ բոլորին՝ հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի շահերը վեր դասելու ամէն նկատառումէ։

 

Այցելութեան աւարտին պատուիրակները «Ուխտի Երգ»ով վերանորոգեցին հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին ծառայելու իրենց ուխտը։