Հայկական ընտանիքին մէջ սեղանը երբեք միայն ուտելու վայր մը չէ եղած։ Անիկա սիրոյ, հոգատարութեան, հիւրասիրութեան եւ ընտանիքի ջերմութեան այն անկիւնն է, ուր նոյնիսկ ամենապարզ խօսքերը տարիներ ետք կը վերածուին թանկագին յիշողութիւններու։
«Կերէ՛ք ասկէ… փորձեցէ՛ք անկէ… քիչ մը եւս առէք»։ Այս խօսքերը, որոնք հայ մայրերու եւ մեծ մայրերու բերնէն այնքան անգամ լսած ենք, իրականութեան մէջ միայն ուտելիք հրամցնելու խօսքեր չէին։ Անոնք սիրոյ լեզուն են։
Այս խորունկ եւ զգացական մտածումը իր գրառման մէջ կը ներկայացնէ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Եպս. Պէրպէրեան, անդրադառնալով հայկական ընտանիքներու այս պարզ, բայց այնքան հարազատ աւանդութեան։
Ստորեւ Սրբազան Հօր գրառումը՝
Ամէն անգամ, երբ մէկը մեր տուն կու գար, մայրս միշտ նոյն բանը կ՚ըսէր՝ կրկին ու կրկին. «Կերէ՛ք ասկէ… փորձեցէ՛ք անկէ… քիչ մը եւս առէք»։
Երբեմն նոյն ճաշի ընթացքին տասը անգամ կը կրկնէր նոյն խօսքերը։ Ես կը ժպտէի եւ կը մտածէի. «Մա՛յր, անոնք արդէն կերած են»։
Այսօր կը հասկնամ։ Անիկա պարզապէս ուտելիք չէր հրամցներ։ Անիկա սէր կը հրամցնէր։ Ասիկա իր ձեւն էր ըսելու. «Ուրախ եմ, որ այստեղ էք։ Ձեզ տան մէջ զգացէք։ Թոյլ տուէք, որ ձեր մասին հոգ տանի»։
Եւ մինչեւ այսօր, երբ հայկական տուներ կ՚այցելեմ, նոյն խօսքերը կը լսեմ. «Քիչ մը եւս կերէք»։ «Դուք գրեթէ բան չկերաք»։ Եւ ամէն անգամ, երբ այս խօսքերը կը լսեմ, ներսս բան մը կը վերադառնայ տուն։
Կրկին կը լսեմ մօրս ձայնը։ Եւ գիտեմ, որ ձեզմէ շատեր հաւանաբար նոյնպէս կը լսեն իրենց մայրերուն… կամ մեծ մայրերուն ձայնը։
Թերեւս այս է պատճառը, որ հայկական այս փոքրիկ աւանդութիւնները մեզ այսքան խորապէս կը յուզեն։ Որովհետեւ օր մը կրնայ ըլլալ, որ այդ մարդը այլեւս սեղանին շուրջ նստած չըլլայ… բայց անոր տուած սէրը կը շարունակէ մատուցուիլ մեր սեղանին։