image

Միքայէլ Մինասեանն ապօրինի գոյքի գործով հրաւիրուած է դատախազութիւն

Միքայէլ Մինասեանն ապօրինի գոյքի գործով հրաւիրուած է դատախազութիւն

Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան, Սերժ Սարգսեանի փեսայ Միքայէլ Մինասեան հրաւիրուած է Գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն։

Մինասեանի պատկանող գոյքի առնչութեամբ ուսումնասիրութիւն կը կատարուի, որուն արդիւնքով կազմուած է ուսումնասիրութեան արդիւնքներու նախնական ամփոփագիրը։

Մինասեան հրաւիրուած է ծանօթանալու ուսումնասիրութեան արդիւնքներով հաւաքուած նիւթերուն, այդ շարքին՝ ուսումնասիրութեան հիմք հանդիսացած քրէական վարոյթին վերաբերելի նիւթերուն, ներկայացնելու իր դիրքորոշումը, ինչպէս նաեւ՝ յայտարարագիր։

«Դուք իրաւունք ունէք սոյն ծանուցագիրը ստանալու պահից մէկ ամսուայ ընթացքում ներկայանալ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն (ք. Երեւան, Տիգրան Մեծի պողոտայ, 50)՝ ծանօթանալու ուսումնասիրութեան արդիւնքներով հաւաքուած նիւթերին, այդ թւում՝ ուսումնասիրութեան հիմքում դրուած քրէական վարոյթի վերաբերելի նիւթերին, ներկայացնելու դիրքորոշում, ինչպէս նաեւ յայտարարագիր:

Ելնելով վերոգրեալից՝ 2026 թուականի հոկտեմբերի 9-ին՝ ժամը 15:50-ին, Դուք հրաւիրւում էք ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն (ք.Երեւան, Տիգրան Մեծի պողոտայ, 50): Նշուած օրը եւ ժամին ներկայանալու անհնարինութեան դէպքում օրը եւ ժամը համաձայնեցնելու նպատակով անհրաժեշտ է նախապէս զանգահարել 010-511-662 հեռախօսահամարին»,- նշուած է դատախազութեան հրապարակային ծանուցման մէջ: