image

Պոլսահայ վարժարանները նոր ուսումնական տարին սկսան 2590 աշակերտով

Պոլսահայ վարժարանները նոր ուսումնական տարին սկսան 2590 աշակերտով

«Նոր Մարմարա»էն կը կարդանք՝

2026-2027 ուսումնական տարեշրջանի համար հրապարակուած նորագոյն տուեալներուն համաձայն՝ պոլսահայ վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը կը կազմէ 2590։

Նախորդ՝ 2025-2026 ուսումնական տարեշրջանին նոյն վարժարաններու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը 2642 էր։ Այսպէս, նոր տարեշրջանին 52 աշակերտnվ պակսած է ընդհանnւր թիւը։

Սկզբնական տուեալները ցոյց կու տան, որ պատկերը բոլոր վարժարաններուն համար միատեսակ չէ։ Մինչ կարգ մը դպրոցներու մէջ աշակերտներու թիւը նուազած է, ուրիշներու մօտ արձանագրուած է աճ, իսկ կարգ մը վարժարաններ գրեթէ պահպանած են նախորդ տարուան մակարդակը։

«ՄԱՐՄԱՐԱ», ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս պիտի պատրաստէ պոլսահայ վարժարաններու աշակերտական թիւերու դպրոց առ դպրոց ամբողջական ցանկը, զայն բաղդատելով նախորդ տարեշրջանի տուեալներուն հետ։ Մեր մանրամասն աղիւսակն ու թիւերու համեմատական վերլուծութիւնը պիտի հրատարակենք վաղուան թիւով: