Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքը, օրերս, 2026-2027 տարեշրջանը մեկնարկած է վերամուտի հանդիսութեամբ, որուն ներկայ գտնուած է եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցած Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Հանդիսութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է վարժարանի կրթական ձեռքբերումներուն եւ նոր տարեշրջանի ակնկալիքներուն։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի երդիքին ներքեւ 2026-2027 տարեշրջանը սկսաւ յատուկ հանդէսով մը։
Վարժարանի սրահին մէջ 14 Սեպտեմբեր 2026, Երկուշաբթի առաւօտ ժամը 10.00ին կատարուեցաւ վերամուտի հանդիսութիւնը, որուն որպէս Դպրեվանքի Վանահայր, գլխաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ Քարոզիչ եւ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Ներկայ էին ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տէմիրճիի գլխաւորութեամբ Ս. Խաչ Դպրեվանքի խնամակալութեան անդամները, Տնօրէն՝ Սերքան-Հայկ Քըյըճըի գլխաւորութեամբ ուսուցիչներ եւ աշակերտներ, Խնամակալութեան նախկին շրջանի Ատենապետ Փրօֆ. Տքթ. Թորոս Ալճան։
Նորին Ամենապատուութիւնը վարժարանի տեսչարանին մէջ հիւրասիրուեցաւ։
Նախ խօսեցաւ 2019ի շրջանաւարտներէ Ռոյ Մերքէզօղլու, ապա խօսեցան վարժարանի փոխ տնօրէն Թունճայ-Ֆերիտ Էօզպահչէլի եւ տնօրէն Սերքան-Հայկ Քըյըճը, խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Էօզկիւր Տէմիրճին, ապա Ս. Խաչ Դպրեվանքի Սանուց Միութեան Ատենապետ Նուպար Տինչէօզ, որոնք ուղերձներով շնորհաւորեցին վերամուտը։
Ներկաներուն ուրախութեամբ ծանուցուեցաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի ակադեմական գետնի վրայ արձանագրած նոր յաջողութիւնը, որուն օրին արձագանգ եղած ենք մեր զանազան թիւերով։ Ապա հանդէս եկաւ վարժարանի նախկին սաներէն Տոչ. Տքթ. Արթիւր Մումճու՝ տարւոյն առաջին դասախօսութեամբ։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որ յիշեցուց Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի տեսլականի արդիւնք Ս. Խաչ Դպրեվանքը Տրապիզոնցի Պատրիարքի աւանդն է։ Որպէս հոգեւոր պետ եւ որպէս վանահայր Նորին Ամենապատուութիւնը շեշտեց ուսման կարեւորութիւնը եւ թելադրութիւններ ըրաւ սաններուն։ Մեր Հոգեւոր Պետը հայրաբար յորդորեց հարստանալ գիտելիքներով ու պատրաստուիլ կեանքին։ Յիշեցուց նաեւ, թէ վարժարանի խնամակալութիւնը ոգի ի բռին կ'աշխատի, որպէսզի վարժարանի աշակերտներուն համար առողջ ապագայի կերտման սատար հանդիսանան։
Իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ խնամակալութեան, տնօրէնին եւ ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն, բոլորին մաղթելով յաջողութիւն։
