image

Պոլսահայ վարժարաններու ներկան եւ մայրենի լեզուի ուսուցման հիմնախնդիրները

Պոլսահայ վարժարաններու ներկան եւ մայրենի լեզուի ուսուցման հիմնախնդիրները

Քանի մը շաբաթէն դարձեալ պիտի հնչէ դպրոցական առաջին զանգը, եւ պոլսահայ վարժարանները պիտի վերաբանան իրենց դռները նոր ուսումնական տարեշրջանի մը համար: Այս վարժարանները, որոնք դարեր շարունակ հանդիսացած են համայնքի ազգային ինքնութեան, մշակոյթի եւ մայրենի լեզուի պահպանման հիմնական սիւները, այսօր դարձեալ կանգնած են գոյութենական լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ: Ժողովրդագրական տեղաշարժերն ու աշակերտութեան թիւի շարունակական նուազումը, տնտեսական սահմանափակ միջոցները, ինչպէս նաեւ օրէնսդրական ու վարչական խոչընդոտները աստիճանաբար կը սեղմեն այս հաստատութիւններու գործունէութեան դաշտը: Այս բոլորին զուգահեռ, թերեւս ամենաազդեցիկ դժուարութիւնը կը վերաբերի մայրենի լեզուի ապագային․ տան եւ ընկերային միջավայրի մէջ հայերէնի գործածութեան նուազումը, արդիական դասագիրքերու ու դասաւանդման նոր մեթոտներու պակասը, ինչպէս նաեւ մասնագէտ ուսուցիչներու պատրաստութեան ճգնաժամը վտանգի տակ կը դնեն արեւմտահայերէնի փոխանցումը նոր սերունդներուն:

Այս բոլոր մարտահրաւէրներու առանցքին կը գտնուի արեւմտահայերէնի ուսուցման տագնապը, որ այլեւս լոկ կրթական հարց չէ, այլ՝ համայնքային գոյապահպանման առաջնահերթութիւն: Ներկայիս, պոլսահայ ընտանիքներու մեծ մասին մէջ տիրապետող լեզուն թրքերէնն է, ինչ որ կը պատճառէ, որ երեխաները վարժարան մտնեն առանց մայրենիի տարրական իմացութեան: Հայերէնը, որ նախապէս աշակերտին համար մայրենի միջավայր էր, այսօր մանկավարժական առումով վերածուած է «երկրորդ լեզուի»։ Աւելի՛ն, առօրեայ հաղորդակցութեան եւ մտածողութեան մէջ անիկա ցաւալիօրէն կը մղուի երկրորդական դիրքի՝ դառնալով նաեւ «երկրորդական լեզու» աշակերտին կեանքին մէջ:

Խնդրոյ առարկայ ճգնաժամին մէջ աննկատելի չէ նաեւ ծնողներու մեծամասնութեան վերաբերմունքը: Յաճախ ականատես կը դառնանք ծնողական անտարբերութեան կամ նոյնիսկ ժխտական մօտեցումներու, երբ հայերէնի իմացութիւնը կը դիտուի իբրեւ «անօգուտ» կամ «երկրորդական» բեռ ապագայ մասնագիտական ասպարէզի կերտման ճանապարհին: Զարմանալին այն է, որ նոյն ծնողները բոլորովին հակառակ մօտեցումն ու նախանձախնդրութիւնը ցոյց կու տան օտար՝ յատկապէս ամերիկեան կամ ֆրանսական վարժարաններու նկատմամբ: Այնտեղ օտար լեզուի տիրապետումը կը նկատուի առաջնահերթութիւն եւ լուրջ «ներդրում», մինչդեռ մայրենի լեզուն տան մէջ չի ստանար նոյնիսկ նուազագոյն քաջալերանքը: Երբ տան մէջ չկայ լեզուին հանդէպ գիտակից հոգածութիւն, դպրոցին դերը կը դառնայ կրկնակի դժուար, իսկ աշակերտին մօտ կը տկարանայ մայրենիին տիրապետելու կամքը:

Այս բացասական միտումին զուգահեռ, առկայ է նաեւ հակառակ ծայրահեղութիւնը․ համակարգը անտեսումով կը վերաբերուի այն աշակերտներուն, որոնք բնատուր ձիրք, յատուկ հետաքրքրութիւն կամ բացառիկ յաջողութիւն ունին հայերէնի հանդէպ: Չկան յատուկ մշակուած խրախուսական ծրագիրներ, կրթաթոշակներ, արտադասարանային աշխատանոցներ կամ խորացուած դասընթացներ, որոնք կրնան զարգացնել այս տաղանդաւոր պատանիներուն ունակութիւնները: Այս ձեւով, լեզուական բարձր կարողութիւն ունեցող աշակերտները, քաջալերանքի եւ յատուկ ուշադրութեան բացակայութեան պատճառով, աստիճանաբար կը կորսնցնեն իրենց հետաքրքրութիւնը՝ ձուլուելով ընդհանուր միջակութեան մէջ:

Այս իրողութեան առջեւ, դասաւանդման մեթոտներն ու ուսումնական ծրագիրները կը շարունակեն մնալ աւանդական: Արդիական, գրաւիչ եւ երեխաներու հետաքրքրութիւնը շարժող դասագիրքերու ու թուայնացուած նիւթերու անբաւարարութիւնը աւելի եւս կը դժուարացնէ լեզուի իւրացումը: Միեւնոյն ժամանակ, առկայ է հայերէնագէտ պատրաստուած ուսուցիչներու լուրջ տագնապ. տեղական համալսարաններու մէջ արեւմտահայերէնով մասնագէտներ պատրաստող բաժիններու բացակայութիւնը կը խզէ սերնդափոխութեան բնական ընթացքը:

Հարցը ունի նաեւ իրաւական ու հոգեբանական շերտեր: Պետական քննութիւններու պատրաստութեան բերումով, դպրոցներու մէջ բնագիտական առարկաները յաճախ կը դասաւանդուին թրքերէնով՝ հայերէնին ձգելով սահմանափակ ժամաքանակ: Ասոր կողքին, սխալելու վախն ու լեզուական կանոններու խստութիւնը յաճախ կը վանեն աշակերտները՝ զրկելով զիրենք հայերէնով ազատ արտայայտուելու քաջալերանքէն:

Այս բարդ իրավիճակէն դուրս գալու համար անհրաժեշտ է դիմել համապարփակ եւ արդիական քայլերու, որոնք կրնան նոր կենսունակութիւն հաղորդել մայրենիի ուսուցման: Առաջնահերթութիւն պէտք է դառնայ արեւմտահայերէնը իբրեւ «երկրորդ լեզու» դասաւանդելու ժամանակակից սկզբունքներով մշակուած դասագիրքերու պատրաստութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսումնական նիւթերու հարստացումը թուային արուեստագիտական միջոցներով, տեսանիւթերով ու հետաքրքրաշարժ յաւելուածներով: Ասոր կողքին, տեղական համալսարանական մասնագիտական բաժիններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, թէեւ Ուսուցչաց Հիմնարկը որոշ չափով կը տանի վերապատրաստման եւ օժանդակութեան գովելի աշխատանք, սակայն հարկ է ա՛լ աւելի ընդլայնել այս նախաձեռնութիւնները՝ յատուկ աշխատանոցներու եւ սփիւռքեան ու հայաստանեան կրթական հաստատութիւններու հետ համագործակցութեանց միջոցաւ: Միեւնոյն ժամանակ, չափազանց էական է աշակերտներու խրախուսումը․ հայերէնի մէջ բացառիկ կարողութիւններ ցուցաբերող պատանիներուն համար պէտք է սահմանուին յատուկ կրթաթոշակներ, մրցանակներ եւ արտադասարանային այնպիսի նախագիծեր, ինչպիսիք են թատերական խումբերը, ամառնային ճամբարներն ու թուային բովանդակութեան ստեղծումը, որոնք լեզուն կը դարձնեն գրաւիչ եւ կենդանի: Վերջապէս, այս բոլոր ջանքերը լիարժէք արդիւնք պիտի տան միայն այն ատեն, երբ ծնողաց հետ տարուին յատուկ աշխատանքներ՝ անոնց փոխանցելով բազմալեզուութեան առաւելութիւններն ու ընտանեկան յարկին տակ մայրենին պահպանելու անփոխարինելի դերը:

Այս բոլոր մարտահրաւէրներով հանդերձ, պոլսահայ վարժարաններու ապագան անդարմանելի կորուստի դատապարտուած չէ, եթէ ահազանգը վերածուի հաւաքական գիտակցութեան եւ անմիջական գործողութեան: Մայրենի լեզուի ուսուցումը փրկելու համար անհրաժեշտ է արմատական վերանայման ենթարկել դասաւանդման եղանակները, ընդունիլ արեւմտահայերէնի՝ իբրեւ «երկրորդ լեզու» ուսուցանելու արդի մեթոտաբանութիւնը, քաջալերել տաղանդաւոր աշակերտները եւ ամենակարեւորը՝ վերականգնել ընտանիք-դպրոց կենսական կապը: Հայերէնը պէտք չէ դիտուի իբրեւ անցեալի սոսկական «ժառանգութիւն» կամ աւելորդ բեռ, այլ՝ իբրեւ ապրող, ստեղծագործող եւ երիտասարդ սերունդին ինքնութիւն հաղորդող կենդանի արժէք: Նոր ուսումնական տարեշրջանի սեմին, հարկ է հասկնալ, որ դպրոցի դռներուն բացումը միայն վարչական արարողութիւն մը չէ, այլեւ հրաւէր մը՝ համայնքին, ծնողքին եւ մանկավարժին, տէր կանգնելու մեր դարաւոր կրթական օճախներուն ու մայրենի բառին:

 

Ալպէր Քէշիշ

Պոլիս