image

Քուէյթի հայ համայնքը կը կորսնցնէ վաստակաւոր ազգային գործիչ մը

Քուէյթի հայ համայնքը կը կորսնցնէ վաստակաւոր ազգային գործիչ մը

Հայ գաղութներու պատմութեան մէջ կան անուններ, որոնք իրենց հետքը կը թողուն ոչ միայն պաշտօնական պատասխանատուութիւններ ստանձնելով, այլեւ տարիներ շարունակ համայնքային ու ազգային կեանքին ծառայելով։ Այդպիսի վաստակաշատ ազգային գործիչ մըն էր Տիար Վարդան Նարինեան, որ երկար տարիներ իր նուիրումով ու պատասխանատուութեամբ ծառայեց Քուէյթի հայ համայնքին եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին։

Անոր կորուստը ցաւալի բաց մը կը ստեղծէ Քուէյթի հայութեան ազգային կեանքին մէջ, ուր ան տարբեր պատասխանատուութիւններով իր մասնակցութիւնը բերած էր համայնքի կազմակերպական աշխատանքներուն՝ ստանձնելով նաեւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետի եւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Փոխ-Ատենապետի պաշտօնները։

«Արեւելք» վերահասու դարձաւ Տիար Վարդան Նարինեանի մահուան լուրին՝ Քուէյթի Ազգային Առաջնորդարանի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ՝ հրապարակուած մահազդը։

Խոր ցաւով տեղեկացանք երկար տարիներ Քուէյթի հայ համայնքին եւ ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ նուիրումով ծառայած Տիար Վարդան Նարինեանի մահուան լուրը։

Հանգուցեալ Տիար Վարդան Նարինեան երկար տարիներ ծառայած է Քուէյթի հայ համայնքին՝ իր պատասխանատու եւ նուիրեալ մասնակցութիւնը բերելով ազգային կեանքին, թէ՛ որպէս Ազգային Վարչութեան Ատենապետ եւ թէ՛ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Փոխ-Ատենապետ։

Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Հոգշ. Տ. Օշին Վրդ. Չուալերթանեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Ազգային Վարչութիւնը, Հոգեւորականաց դասը, Պատկան Մարմինը եւ Քուէյթի հայ համայնքին մէջ գործող բոլոր ազգային եւ եկեղեցական մարմինները խոր վշտով կը գուժեն Տիար Վարդան Նարինեանի մահը։

Կը բաժնենք այս ծանր վիշտը հանգուցեալի ընտանիքին, հարազատներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած ու սիրած էին զինք։

Թող Բարեխնամ Աստուած լուսաւորէ իր հոգին եւ հանգչեցնէ զայն Իր երկնային խաղաղութեան մէջ եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը տայ իր սիրելիներուն։

Թաղման կարգը պիտի կատարուած է Հայաստանի մէջ։

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։