image

Ալեն Սիմոնեան Խորհրդարանի նախագա՞հ

Ալեն Սիմոնեան Խորհրդարանի նախագա՞հ

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածուն Ալեն Սիմոնեանն է, իսկ ԱԺ նախագահի տեղակալներու թեկնածուները՝ Ռուբէն Ռուբինեանը եւ Յակոբ Արշակեանը: «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին տեղեկացուցած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Հրաչեայ Յակոբեանը:

«Քննարկումներ կան, թէ ովքեր պէտք է լինեն գործադիրում, բայց կոնկրետ ով որտեղ, այս պահի դրութեամբ չեմ կարող ասել»,-աւելցուցած է ան:

Հարցին, թէ Արարատ Միրզոյեանի անունը եւս կը շօշափո՞ւի գործադիր մարմնին մէջ պաշտօն զբաղցնողներու շարքին, պատգամաաորը պատասխանած է. «Տեղեկութիւն չունեմ Արարատ Միրզոյեանի վերաբերեալ, բայց քննարկումներն, այո  բնականաբար արդէն սկսուել են, թէ ցուցակի որ համարը պէտք է մնայ պատգամաւոր եւ ովքեր պէտք է գնան գործադիր մարմնում աշխատելու:

Աւարտել ենք այդ քննարկումները: Դրանք մեծ հաշուով տեղի են ունեցել վարչութեան կազմով: Ես վարչութեան անդամ չեմ, շատ մանրամասներին չեմ տիրապետում»:

Յիշեցնենք, որ 10 Յուլիսին կայացած էր «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան եւ ընտրական ցուցակին մէջ ընդգրկուած թեկնածուներու ընդլայնուած նիստը: Կուսակցութեան վարչութիւնը պատգամաւորութեան թեկնածուներու հետ քննարկումներու աւարտին ձեռք բերուած համաձայնութեամբ առաջարկած էր խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնին առաջադրել Հայկ Կոնջորեանի, իսկ խմբակցութեան քարտուղարի պաշտօնին՝ Նազելի Պաղտասարեանի թեկնածութիւնը։