image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ բանակը կը հարուածէ Հալէպի Հանտարաթ, Հայ Սախուր եւ այլ շրջանները

Սուրիոյ բանակը  կը հարուածէ  Հալէպի   Հանտարաթ,  Հայ  Սախուր  եւ այլ շրջանները

Սուրիոյ բանակը ծանր հարուածներ կու տայ Հալէպի շուրջ  տեղակայուած ահաբեկչական  խմբաւորումներու դիրքերուն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ  Հալէպի մերձ եղող մասնաւորապէս Հանտարաթ, Հայ Սախուր եւ Քաֆար  Համրա  շրջանները  կը դառնան Սուրիոյ բանակին  հիմնական թիրախ: Ընթացող  հրթիռարձակումները լսելի կ'ըլլան նեաւ Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ   եւ    ծանր որոտներու  կողքին  կը ցնցուին  հայկական թաղամասերու շէնքերն ու կառոյցները: Մեր աղբիիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ բանակը իր առջեւ դրած է  «Քասթէլո» անունով ճանչցուած     մայրուղին   ազատագրելու հարցը, ու այդպիսով    ահաբեկիչ  զինեալներու    պարէնի   հիմնական ցամաքային ճանապարհը վերջնականապէս պիտի անցնի   Սուրիոյ բանակին  տիրապետութեան տակ:    Շատ հաւանական է, որ այդ շրջանի  տիրապետումէն ետք հայկական  շրջանները զերծ մնան, որպէս ընդդիմադիր ճանչցուած  հրոսակներու  հարուածներէն: