Անժամանակ-կանխահաս մեկնում մը
Լենա՝ ծառայասէրը։
Լենա՝ ընկերասէրը։
Լենա՝ մարդասէրը։
Լենա՝ զուարթասէրը։
Լենա՝ աշխատասէրը։
֍֍֍
Նորոգ հանգուցեալ՝ ԼԵՆԱ ԳԱՐԱՅԵԱՆ-ՐԱԳՈՒՊԵԱՆը, ճանչցուած էր իր բազմաշնորհութեամբ, մարդասիրութեամբ, ծառայասիրութեամբ, նուիրուածութեամբ, հոգատարութեամբ, պարտաճանաչութեամբ, ձեռնհասութեամբ եւ, ընդհանրապէս, այն յատկանիշներով, որոնք կը միտին իր հայրենակիցներուն ու կարօտեալներուն օգնութեան ձեռք երկարել։
Պատահական չէր, որ ան հանրածանօթ դարձած էր, իր այս բարեմասնութիւններով, հայ թէ արաբ շրջանակներուն մօտ վայելելով մասնայատուկ յարգանք ու վերաբերմունք, նկատի ունենալով իր փափկանկատ, հասկացողական ու մարդկայնական նպաստաբաշխումներն ու զօրակցութիւնները։
Այն օրերէն ու ժամանակներէն սկսեալ, երբ Լենան ընդգրկեց մարդածառայողական կալուածը, իր ամուսնոյն՝ ՍԷՄ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆի տարրալուծարանի, հետզհետէ բարգաւաճող ու տիրապետող բժշկագիտական-բժշկաքննական լայնածիր հաստատութենէն ներս, ան դարձաւ ազնուական եւ լայնասիրտ պատասխանատուներէն, ուր՝ իր ամբողջ եռանդով, կորովով ու նուիրումով, դարձաւ սիւներէն մէկը, իր ամուսնոյն հետ դառնալով ՄԻԱՁՈՅԼ ամբողջութիւն մը, կարիքաւորներուն ու դիմորդներուն հետ վարուելով արդիւնաւէտ բծախնդրութեամբ ու մարդասիրութեամբ, զանոնք նկատելով «հարազատ»ներ, որոնք թէ՛ հաստատութեան, թէ՛ իր նեցուկին, պաշտպանութեան եւ օժանդակութեան պէտքը ունէին, իսկ ինք՝ միշտ պատրաստակամ էր։
Եթէ ամուսինը՝ փորձագէտ, փորձառու ու փորձավարժ՝ Սէմ Րագուպեանը, կրցած էր իր ասպարէզային հանրաճանաչութեան տալ համապատասխան լիցք ու հեղինակութիւն, անոնց եկաւ միանալու, իր տիկնոջ՝ Լենային, ճարտարութիւնը, խոհեմութիւնը, ունակութիւնը ու վարչագիտութիւնը, դառնալով՝ Րագուպեան գիտահետազօտական ու տարրալուծական հզօր հիմնարկին՝ աչքառու լծակներէն մէկը, իր վարչական-կազմակերպչական-գրասենեակային շնորհներով, տնօրինումներով ու ծրագիրներով, Րագուպեան հաստատութեան տալով ե՛ւ հմայք, ե՛ւ վարկ, ե՛ւ անուանիութիւն։
֍֍֍
Այսօր, զարմանալի կամ ապշեցուցիչ է (թէեւ ատոնցմէ ո՛չ մէկը նման «որակում»ի պէտք է արժանանայ), բայց, իրողութիւն ըլլալէ չի դադրիր, որ Լենան երկնային արքայութեան արժանացաւ, եւ, միայն՝ «վերապահութեամբ» մը, թէ՝ ինչո՞ւ այսքան ՇՈՒՏ եւ այսքան՝ ԱՐԱԳ, երբ՝ ան տակաւին լաւագոյնս կրնար ծառայել իր համայնական շրջանակներուն, իր ընտանիքէն մինչեւ մօտակայ թէ հեռաւոր բարեկամները։
Սակայն, կ’ըսեն, ճակատագիրը դառն է ու դաժան, եւ յայտնի չէ, թէ՝ որո՞ւն, ե՞րբ եւ ինչո՞ւ պիտի հարուածէ, մանաւանդ՝ անոնց, որոնք արժանի չեն նման տխուր անկումներու ու սայթաքումներու, իսկ ատոնք, դժբախտաբար, այս կամ այն ձեւով, միշտ ալ կը սողոսկին մեր շրջապատէն ներս թէ կողքէն։
Լենան, իր լիակատար էութեամբ, գերակայութեամբ, ուժականութեամբ, տպաւորապաշտութեամբ, բայց, մանաւանդ՝ անհատականութեամբ, մնաց այն հզօր վէմը, որ՝ ոչ միայն Րագուպեան հաստատութեան տուաւ լուսաւորութեան լիցք, այլեւ՝ դարձաւ զայն կենդանացնող դէմքերէն մէկը։
֍֍֍
Իմ անմիջական ծանօթութիւնս ու բարեկամութիւնս Սէմ Րագուպեանի եւ անոր ընտանիքին հետ, միշտ եղած են սիրալիր, ջերմագոյն եւ լաւագոյն յարաբերութիւններու ծիրերէն ներս, թէ՛ ազգային, թէ՛ հայրենական, թէ՛ ընկերային մակարդակներու վրայ, ուր մեր գաղափարական, լիբանանեան, հայրենական, քաղաքական, ընդհանրական հարցերն ու դիտարկումները միշտ ալ, գրեթէ նոյն չափանիշներով ընդգծուած էին։
Լենան, թէեւ՝ ոչ նոյն քաղաքական յղացքներով եւ ակնարկներով, համեստաբար կը յայտնէր իր տեսակէտները կամ արտայայտութիւնները, մերթ՝ համատեղեակութեան, մերթ՝ ծանօթացումի մօտեցումներով, բայց, միշտ մնալով իր սահմաններուն մէջ, առանց երթալու կամ հասնելու ծայրայեղութիւններու, որովհետեւ, ան երբեք յաւակնութիւնը չէր ունեցած, իր սահմաններէն դուրս գալու, այլ պատկանելով իր ինքնատեսողութեան մտածումներուն։
Թերեւս այդ էր պատճառը, որ մենք, մէկ կողմէն՝ մեր նոյնանման կարծիքներով ու գաղափարներով, իսկ միւս կողմէն՝ մեր յաճախակի համախմբումներով ե՛ւ ազգային ե՛ւ այլ հարցերու շուրջ մեր խորհրդակցութիւններով, միշտ ալ նոյն ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ եզրակացութիւններու յանգած ենք։
֍֍֍
Սէմը, ի պատիւ իրեն եւ Լենային, ազգային շունչով համակուած, հայրենական զգացումներով ողողուած, Լիբանանով ոգեշնչուած, մտաւորական շրջանակներով բոլորուած, մշակոյթով ու հայ մամուլով ապրող եղած էր, եւ, հետեւաբար, այն հազուագիւտներէն էր, որ իր կնոջ հետ, հիւրընկալած են հայրենի եւ սփիւռքահայ նշանաւոր գրողներ (ինչպէս՝ Արամայիս Սահակեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Ժագ Յակոբեան եւ այլ անուանիներ), ոչ միայն այսքան, այլեւ զանոնք ծանօթացնելով գաղութային շրջանակներուն, ստեղծելով փոխ-յարաբերութեանց ջերմ, անկեղծ ու մտերմիկ կապեր, իր տան դռները լայն բանալով, նաեւ լիբանանահայ մեծաթիւ մտաւորականներու առջեւ, ձեւով մը դառնալով «ոսկեայ կամուրջ» մը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ։
Անկասկած, այդ հայրենասիրական ու հայ մտքի ու գրիչի փաղանգներուն զօրավիգ կանգնելու, քաջալերելու ու սատարելու նախաձեռնութեանց մէջ, Սէմի կողքին, նոյնքան պատրաստակամ ու նախաձեռնող մասնակից ուժ մը դարձած էր Լենան, իսկ ատիկա կը բխէր, ոչ թէ՝ յանուն հաճոյակատարութեան, այլ՝ իր համոզմունքներուն, մանաւանդ որ՝ ան եւս մտաւորական խառնուածքով օժտուած կերպար մըն էր։
Հայաստանի անկախութեան հռչակումէն ետք, կը յիշեմ, երկու անգամ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Սփիւռք խորհրդաժողովներ, յատենի Սփիւռքի նախարարուհի՝ Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ ու կազմակերպութեամբ, որոնց հրաւիրուած էին աշխարհասփիւռ շուրջ հազար ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էի ես, նաեւ՝ Լենան, միասնաբար մասնակցելով այդ պատմական հոգեցունց եղելութիւններուն։
Անշուշտ, Լենային հոն ներկայութիւնը ու մասնակցութիւնը արդէն կը յուշէին թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը, ճիշդ ընտրութիւն կատարած էր, Րագուպեան հաստատութիւնը եւս հրաւիրելու որուն ներկայացուցիչը՝ հանդիսացաւ Լենան, իսկ այդ թռիչքներն ու կայացումները հանդիսացան, աւելի մօտէն ծանօթանալու անոր ազնուութեան, բարեկրթութեան ու խոնարհութեան հետ։
Անձնապէս, երբ դիմած եմ Լենային, ինծի համար վստահելի կարօտեալ ծանօթի մը օժանդակութեան համար, ինչպէս Սէմը, նաեւ Լենան, միշտ ընդառաջած է, նոյնիսկ իմ պարագայիս, բարեհաճելով անհրաժեշտ ցուցմունքը տալու, օրինակ, դժուար ժամադրութեան մը համար, իր անհրաժեշտ «միջնորդութիւն»ը յայտնելով ու գործադրելով։
֍֍֍
Այսօր, Լենան, կանխահասօրէն մեկնած է այս աշխարհէն, իր ընտանիքէն եւ հարազատներէն, բարեկամներէն ու շրջանակներէն, սակայն, ո՞վ ըսաւ, որ՝ ան կրնայ մոռցուիլ, անտարբերուիլ, երբ այնքան, մօտէն թէ հեռուէն, ան եղած է կենդանի ներկայութիւն մը, իր բարեսիրական ու մարդասիրական, ընկերային ու միջավայրային, ազգային ու համայնքային մեծղի օժանդակութիւններով, աջակցութիւններով եւ օգնութիւններով։
Ապրի՛ն վկաներն ու հաւատաւորները։
֍֍֍
Սիրելի Սէմ եւ ընտանիք։
Տխուր է վաղահաս ճակատագիրը, բայց, դուք իրաւունք ունիք հպարտանալու եւ ոգեշնչուելու Լենային անմար յիշատակներով եւ ապրելու անոր պայծառ յուշերով։
Պարոյր Յ. Աղպաշեան
(Պէյրութ)