image

Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարանը նոր ուսումնական տարեշրջանը կը դիմաւորէ միջազգային չափանիշներով ու նոր կրթական ուղղութիւններով

Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարանը նոր ուսումնական տարեշրջանը կը դիմաւորէ միջազգային չափանիշներով ու նոր կրթական ուղղութիւններով

Նոր ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանին համար եղաւ ոչ միայն կազմակերպչական նոր փուլ մը, այլեւ կրթական նոր նպատակներու, միջազգային չափանիշներու եւ ժամանակակից ուսուցման միջոցներու վերարժեւորման առիթ։ Տիրամայր Զմմառու Մայրավանքին մէջ գումարուած ընդհանուր ժողովը համախմբեց վարժարանի անձնակազմը՝ նոր տարեշրջանը դիմաւորելու մասնագիտական զարգացման, միջազգային որակաւորման եւ արհեստական բանականութեան կրթական կիրարկումներու նոր շեշտադրումներով։

Ստորեւ Վարժարանին կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւնը՝ 

Հինգշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2026-ին, Տիրամայր Զմմառու Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի ուսուցչական եւ տեսչական կազմերու 2026-2027 ուսումնական տարեշրջանի ընդհանուր ժողովը։

Օրուան յայտագիրը ընթացք առաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագով, զոր մատուցեց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ վարժարանիս հոգեւոր վարիչ հայր Լեւոն վրդ. Ստեփան, առընթերակայութեամբ վարժարանիս քրիստոնէականի ուսուցիչ հայր Արամ վրդ. Աբրահամեանի։

Պատարագի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Մայրավանքի ժողովասրահը, ուր վարժարանիս մեծաւոր պրն. Արամ Գարատաղլեան վարեց ժողովի առաջին նիստը: Ան ներկայացուց նոր տարեշրջանի գործունէութեան ծրագիրներն ու կրթական եւ դաստիարակչական ուղենիշները, ինչպէս նաեւ ծանօթացուց Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն վարժարանի մեծ ընտանիքին միացող նոր անդամները։

Ան շեշտեց արհեստավարժական զարգացման (Professional Development) կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ այս տարեշրջանէն սկսեալ ամբողջ անձնակազմը՝ ամենափոքր պաշտօնեայէն մինչեւ ամենամեծը, հետեւողական ձեւով պիտի մասնակցի արհեստավարժական մարզումներու՝ ալ աւելի բարձրացնելու համար ուսումնական եւ վարչական մակարդակը։ Ապա, ան գոհունակութեամբ անդրադարձաւ վարժարանիս միջազգային որակաւորման (Accreditation) յաջող ընթացքին։

Գարատաղլեան ուրախութեամբ պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ վարժարանս մաս կազմած է եւրոպական չափանիշներ վայելող eTwinning դպրոցական ընտանիքին՝ շնորհիւ Նախակրթարանի եւ Յատուկ Ուսուցման բաժանմունքներու ուսուցիչներու ժրաջան ու հետեւողական աշխատանքին։ Ան ընդգծեց, որ ծրագրին ծիրէն ներս մեր աշակերտները արդէն իսկ առցանց հանդիպումներ ունեցած են եւրոպական զանազան երկիրներէ իրենց հասակակից աշակերտներու հետ՝ փոխանակելով մշակութային եւ կրթական փորձառութիւններ։

Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանիս հոգեւոր վարիչ հայր Լեւոն վրդ. Ստեփան, որ ներկաներուն փոխանցեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի հայրական ողջոյնները եւ իր անունով բոլոր անձնակազմին մաղթեց խաղաղ ու բարեբեր վերամուտ մը։ Ան նաեւ բոլորին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանիս մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանին՝ անոր թափած ժրաջան աշխատանքին ու անձնուրաց նուիրումին ի նպաստ վարժարանիս մշտական զարգացումին։

Սոյն առիթով Զմմառու Մայրավանք այցելեցին Լիբանանի Կրթութեան եւ Բարձրագոյն Ուսման Նախարարութեան eTwinning ծրագրի տնօրէնուհի տիկ. Գարօլին Ղոսթին եւ նոյն բաժանմունքի աշխատակից տիկ. Փոլին Եամմին։ Տիկ. Ղոսթին փոխանցեց սրտի խօսքը, ջերմօրէն շնորհաւորեց վարժարանիս մեծաւորն ու ուսուցչակազմը այս պատուաբեր իրագործման համար, քաջալերեց, որ այս աշխատանքը շարունակուի նոյն թափով եւ ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնեց նեցուկ կանգնելու վարժարանիս յետագայ ծրագիրներուն։ Ապա, անոնք պաշտօնապէս վարժարանիս յանձնեցին eTwinning-ի եւրոպական չափանիշի պաշտօնական դրօշակն ու վկայագիրը՝ վարժարանին մէջ զետեղուելու համար։

Օրուան յատուկ հիւրերն էին Կիպրոսի Ամերիկեան Համալսարանի (AUCY) Լիբանանի գրասենեակի տնօրէնուհի տիկ. Ռուլա Սիլպաք եւ համալսարանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան գլխաւոր ճարտարագէտ պրն. Զիատ Նասիֆ։ Պրն. Նասիֆ հանդէս եկաւ շահեկան դասախօսութեամբ մը՝ ներկայացնելով արհեստական բանականութեան (AI) ճիշդ, իմաստուն եւ արդիւնաւէտ կիրարկումը կրթական գործընթացին մէջ։

Օրուան հանդիսաւոր հաւաքը համախմբեց ներկաները սիրոյ սեղանի շուրջ՝ մտերմիկ ու ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ։