image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութենէն ետք Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները «փոխակերպման» մէջ են․ Փաշինեան՝ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութենէն ետք Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները «փոխակերպման» մէջ են․ Փաշինեան՝ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն

Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան հաստատումէն ետք Ռուսիոյ հետ Երեւանի յարաբերութիւնները կը գտնուին «փոխակերպման փուլի» մէջ։ Այս մասին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը կ՚առաջնորդուի բազմաբեւեռութեան տրամաբանութենէն բխող հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեամբ։

Անոր խօսքով՝ նախորդող ամբողջ շրջանին հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ ազդող մեծագոյն գործօնը եղած է հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը։

«Հիմա, երբ Ադրբեջանի հետ խաղաղութիւն ենք հաստատել, Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները բնականօրէն փոխուելու են, եւ մեր ցանկութիւնն է, որ այդ յարաբերութիւնները զարգանան բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սկզբունքների հիման վրայ»,-յայտարարած է վարչապետը։

Անդրադառնալով տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ կառավարութեան ղեկավարը ընդգծած է, որ արտաքին քաղաքական պատկերացումներուն համար առանցքային նշանակութիւն ունի դրացիներուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու խորացումը։ Ան մատնանշած է Թուրքիոյ հետ առկայ բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը։

«Ուզում եմ հաստատել նախագահ Էրդողանի նախորդ օրն այս ամբիոնից ասած խօսքերն այն մասին, որ վճռականօրէն առաջ ենք մղում Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացը»,-ըսած է վարչապետը։

Ան նաեւ շեշտած է, որ Իրանի եւ Վրաստանի հետ բարիդրացիութիւնը Երեւանի համար կը շարունակէ ունենալ «բացառիկ կարեւորութիւն»։

Վարչապետը միաժամանակ ուշադրութիւն հրաւիրած է միջազգային գործընկերներուն, այդ շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Չինաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներուն հետ ռազմավարական յարաբերութիւններու ընդլայնման վրայ։ Այս շրջածիրէն ներս ան առանձնացուցած է Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ Հայաստանի համար առեւտրային ինքնավար միջոցներ սահմանելու որոշումը՝ զայն որակելով իբրեւ «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր որակի յարաբերութիւններու յաջորդ դրսեւորում»։

 

Ելոյթի աւարտին կառավարութեան ղեկավարը ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչները հրաւիրած է Հայաստան, ուր Հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալուի Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի Կողմերու 17-րդ համաժողովը։