image

Տուպայէն՝ Թէլ Աւիւ մեկնող օդանաւէն ահազանզ հնչած է. Պարզուած է, որ լարումը ռուս եւ ուքրանացի օդաչուներու միջեւ ծագած վէճն էր

Տուպայէն՝ Թէլ Աւիւ մեկնող օդանաւէն ահազանզ  հնչած է. Պարզուած է, որ  լարումը ռուս եւ ուքրանացի օդաչուներու միջեւ ծագած վէճն էր

Տուպայէն Թէլ Աւիւ մեկնող Flydubai ընկերութեան օդանաւը չորեքշաբթի առաւօտեան արտակարգ ազդանշան հաղորդած եւ ուղղութիւնը փոխելով՝ վայրէջք կատարած է Սէուտական Արաբիոյ Թապուք օդակայանին մէջ։ Օդանաւին մէջ գտնուած էր շուրջ 180 ուղեւոր, որոնցմէ մօտ 100-ը Իսրայէլի քաղաքացիներ էին։

Սկզբնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ օդանաւը հաղորդած էր «ապօրինի միջամտութեան» եւ ընդհանուր արտակարգ իրավիճակի ազդանշաններ, ինչ որ առեւանգման կասկած յառաջացուցած էր։ Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը, հնարաւոր սպառնալիքին արձագանգելու համար, կործանիչներ օդ բարձրացուցած էին եւ հետեւած էին օդանաւին։

Սակայն հետագային պարզուած է, որ միջադէպին պատճառը, ըստ իսրայէլական N12-ի, օդաչուներուն միջեւ ծագած վէճն էր։ Flydubai հաղորդած է, որ օդաչուները թռիչքի ընթացքին վիճաբանած են օդաչուներու խցիկին մէջ, որուն հետեւանքով անոնցմէ մէկը կորսնցուցած է գիտակցութիւնը։ N12-ի համաձայն՝ օդաչուները ռուսական եւ ուքրանական ծագում ունին։

Flydubai շեշտած է, որ միջադէպը անվտանգութեան սպառնալիք չէր։ Իսրայէլական աղբիւրներու համաձայն՝ առեւանգման վարկածը հետագային բացառուած է։

Միջադէպէն ետք Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն եւ պաշտպանութեան նախարարը արտակարգ խորհրդակցութիւն ունեցած են, իսկ Իսրայէլի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Էյալ Զամիրը բարձրաստիճան զինուորականներու, ներառեալ ռազմաօդային ուժերու հրամանատար Օմեր Տիշլերի մասնակցութեամբ, քննարկած է իրավիճակը։