Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահականը հերքում մը հրապարակեց վերջին շրջանին դիմատետրի (Facebook) վրայ աշխոյժօրէն տարածուող «Սուրիոյ նախագահական էջ-անյետացածներու էջ» խորագիրը կրող էջին մասին։
Նախագահականը հերքումին կից հրապարակեց յատուկ «սնէբշոթ» մը (վայրկեանապատկեր), ուր երեւելի կը դառնայ կեղծ էջն ու անոր վրայ նոյնպէս կ՚երեւի կարմիր X մը։
Նախագահականը նաեւ հաղորդեց, որ այս էջը բացուած է կասկածելի նպատակներով եւ անոր հիմնական նպատակն է տեղեկութիւններ հաւաքել Սուրիոյ մէջ անյետ կորսուածներուն մասին։
Նախագահականը նաեւ յիշեցուց, որ Սուրիոյ նախագահութիւնը ունի միայն պաշտօնական մէկ էջ, որուն հետեւորդներուն թիւը կը 1.7 միլիոնի։