Արեգնազ Մանուկեան այս պահուն մեղադրեալի կարգավիճակ չունի:
«Մեր բնակարանում իրականացուած խուզարկութիւնն անօրինական էր, որովհետեւ «Մայր Հայաստան» կուսակցութեան վարչության անդամ լինելուց բացի, ԲՀԿ-ի պատգամաւորի թեկնածու եմ, հետեւաբար ԿԸՅ-ն պէտք է թոյլտւութիւն տար դրա համար»,-ըսած է Մանուկեանը ՀՀ քննչական կոմիտէէն դուրս գալէ ետք։
Անոր հեռախօսն առգրաւուած է։ Մանուկեանը ստորագրութիւն տուած է նախաքննական գաղտնիք չհրապարակելու վերաբերեալ։
Առաւօտեան յայտնի դարձած էր, որ Արեգնազ Մանուկեանի տունը կը խուզարկեն, այնուհետեւ անոր հարցաքննութեան հրաւիրած էին ՔԿ։ Ըստ լրատուամիջոցներու` Արեգնազ Մանուկեանը կ՚անցնի Անդրանիկ Թեւանեանի գործով. իբր ան է 2024-ի ապրիլին ԱԺ փակ նիստէն տեղեկութիւններ փոխանցել Թեւանեանին։
«Գիշերային ձայնագողութիւնից յետոյ բնական էր, որ այսպիսի շոու պէտք է բեմադրուէր թեման շեղելու համար։ Իրենց բաղձալի ձայները չեն ստացել ու ամէն ինչ անում են ԲՀԿ–ին ընտրապայքարից ապօրինի կերպով դուրս մղելու եւ ԱԺ մտնելու իրաւունքից զրկելու համար»,–ըսած է Մանուկեանը։
Լուրը՝ «Սփութնիք Արմենիա»էն