image
Հրատապ լուրեր:

Երեք նաւթատար նաւեր կը հասնին Պանիաս. Իրան կոտրե՞ց Սուրիոյ «Պլոքատա»ն

Երեք նաւթատար նաւեր   կը հասնին Պանիաս. Իրան կոտրե՞ց  Սուրիոյ   «Պլոքատա»ն

Այսօր առաջին երկու նաւթատար նաւերը կը հասնին  Սուրիոյ Պանիաս Քաղաքի նաւահանգիստը, բեռնուած 1 միլիոն եւ  700 հազար հում նաւթի տակառներով։

 

 Այս  այս մասին տեղեկացուցած է «Ալ Մայատին» կայքը յղում ընելով «Թանքըր Թրաքըր» կայքին, որ կը հետեւի նաւթատար նաւերու երթեւեկութեան: Նշուած է նաեւ, որ երրորդ նաւթատար նաւը նոյն օրը աւելի ուշ Սուէզի ջրանցքով տեղ   պիտի հասնի:   

Աղբիւրը նշած է նաեւ, թէ  Իրան դիմած է այս քայլին դէմ ելլելով Սուրիոյ նկատմամբ կիրառուած ամերիկեան եւ եւրոպական սահմանափակումներուն նաեւ «Կեսար» օրէնքին, որ վաւերացուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին կողմէ յունիս 2020-ին:

Իր հերթին, Սուրիոյ մօտ Իրանի դեսպան՝ Ճաուատ Թըրք Ապատի, 2020-ի յուլիսին, յայտարարած էր, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցիլ Սուրիոյ ու օժանդակել անոր, բաւարարելով Սուրիոյ նաւթային կարիքները, եւ դիմակայել երկու երկիրներուն նկատմամբ սահմանուած արեւմտեան պատժամիջոցները:

Աղբիւրը յիշած էր, թէ ապրիլ ամսուան մէջ եւս Իրան ուղարկած էր նաւթատար նաւ բեռնուած 1 միլիոն տակառ նաւթով:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ Պաշտպանութեան նախարար՝ Ալի Այյուպ եւ Իրանեան բանակի շտաբի պետ՝ Մոհամմէտ Մաիրի անցեալ տարուայ մէջ ստորագրած էին ռազմավարական համագործակցութեան պայմանագիր: 

Ի դէպ, այս առաջին անգամ չէ , որ Իրան կը խախտէ երկրի մը հանդէպ սահմանուած շրջափակումները, ասկէ առաջ իր նաւթատար նաւերը մտած էին Վենեզուելլայի տարածքային ջուրերը: