image

Հայաստանի «Վերելք» թատրոնը մասնակից Տիարպէքիրի «Ամեդ» փառատօնին

Հայաստանի «Վերելք» թատրոնը մասնակից Տիարպէքիրի «Ամեդ» փառատօնին

 

Տիարպէքիրի մէջ շարունակուող «Ամեդ» թատերական 11-րդ միջազգային փառատօնը համախմբած է աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած արուեստագէտներ՝ «Երկխօսութիւն յանուն խաղաղութեան» կարգախօսին շուրջ։  Հայաստանը եւս մասնակցութիւն բերած է, եւ «Վերելք» թատրոնի բեմադրած Ալեքսանդր Շիրվանզատէի «Արթիսթը» թատերախաղը ջերմ ընդունելութեան արժանանացած է հանդիսատեսի կողմէ։

Ստորեւ՝ «Նոր Մարմարա»ին յղուած թղթակցութիւնը՝

«Ամեդ» թատերական 11րդ միջազգային փառատօնի բացումը կատարուեցաւ 22 Ապրիլին։ Փառատօնը այս տարի կը կրէ «Երկխօսութիւն յանուն խաղաղութեան» կարգախօսը, շարունակելով համախմբել աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած թատերախումբեր եւ ստեղծելով մշակութային կենդանի ու բազմաձայն հարթակ մը։  

Փառատօնին կը մասնակցին բազմաթիւ երկիրներ՝ Զուիցերիայէն մինչեւ Ուկանտա, Պաղեստինէն մինչեւ Ուքրանիա։ Հայաստան եւս մասնակցութիւն կը բերէ։

Արդարեւ, երէկ, 28 Ապրիլին, փառատօնի 7րդ օրը, բեմ ելաւ «Վերելք» թատրոնի խումբը։ Անոնք հանդէս եկան Ալեքսանդր Շիրվանզատէի «Արթիսթը» անուն թատերախաղով, մեծ տպաւորութիւն թողլով հանդիսականներուն վրայ։ 

Ներկայացումը սարքուեցաւ քաղաքի մշակոյթի կեդրոնի փոքր սրահին մէջ։ Այդ էր պատճառը որ սրահը փոքր մնաց եւ ժողովուրդը ստիպուեցաւ նստիլ նաեւ աստիճաններուն վրայ։

«Արթիսթը» բեմադրուած է Արամ Նալպանտեանի կողմէ. կը պատմէ երիտասարդ արուեստագէտ Լեւոնի կեանքի մասին։ Ան բազմաթիւ տեղափոխութիւններէ ետք, կը հաստատուի Օտեսա եւ կը սիրահարի Լուիզա անունով օրիորդի մը, սակայն այս պատմութիւնը պարզ սիրային գիծէն անդին անցնելով՝ կը բացայայտէ ինքնութեան, տեղահանութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններու յեղյեղուկ երեսակները։

Հայաստանէն ժամանած դերասաններուն խաղարկութիւնը ուշագրաւ էր, աչքառու ո՛չ միայն դերասանական ուժեղ կատարումներով, այլ նաեւ զգացական արտայայտութիւններով, որոնք խաղի ամբողջ տեւողութեան, հանդիսատեսները «ներքաշեցին» բեմի իրականութեան մէջ։ Խաղի աւարտին դերասանները արժանացան երկարատեւ ծափահարութիւններու։

Կ'արժէ ընդգծել որ Տիյարպաքըրի ժողովուրդը, նաեւ այլ արուեստագէտներ, որոնք նոյն կեդրոնին մէջ բեմ ելած էին այլ խաղերու մէջ, իրենց ներկայացումները աւարտելուն պէս վազեցին դէպի հայ դերասանները եւ իրենց շնորհաւորութիւնն ու գնահատանքը յայտնեցին անոնց։ 

Բեմադրիչ Արամ Նալպանտեան ներկայացման աւարտին իր սրտի խօսքը արտայայտելով, ընդգծեց, որ այս փառատօնին մասնակցութիւնը մեծ պատիւ է իրենց համար, նկատի ունենալով տարբեր մշակոյթներու հետ շփուելու եւ փորձառութիւն փոխանակելու կարելիութիւնը։ Ան նաեւ շեշտեց «Երկխօսութիւն յանուն խաղաղութեան» գաղափարը նախ եւ առաջ կը նշանակէ փոխադարձ յարգանք մշակոյթներու նկատմամբ եւ մարդկային արժէքներու ճանաչում։ Թատերախումբի անդամներուն յանձնուեցան նաեւ յուշանուէրներ։

Փառատօնի ընթացքին խաղաղութիւնը ներկայացուեցաւ որպէս համամարդկային արժէք՝ կապուած արդարութեան, ազատութեան եւ մշակութային հաղորդակցութեան հետ, սակայն այս բազմաձայնութեան մէջ հայկական թատերախումբին ելոյթը կարծես առանձնայատուկ էր իր նուրբ գեղարուեստական լեզուով եւ մարդակեդրոն ընկալումով։

Փառատօնը, որու ներկայացումները անվճար են, պիտի շարունակուի մինչեւ 2 Մայիս, սակայն արդէն այժմէն իսկ կարելի է հաստատել, որ «Վերելք» թատրոնի մասնակցութիւնը դարձած է այս տարուան յիշարժան մշակութային պահերէն մէկը։