image

Ռաս Իւլ Այն. Բախումները վերսկսած են

Ռաս Իւլ Այն. Բախումները  վերսկսած են

Սուրիոյ հիւսիսային Ռաս Իւլ  Այն քաղաքին  մէջ  այս առաւօտ   բախումներ գրանցուած են։ 

Այս մասին լուրը հաղորդեց  «Սքայ նիւզ  արապիք»   կայքը, նշելով, որ թրքական  բանակի   ջոկատներ կը  փորձեն   թէժ մարտերու ճամբով       քաղաքէն   հեռացնել քրտական YPG-ի        մարտիկները։ 

Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  առաւօտեան  ժամերէն ի վեր       գրանցուած     շարժումները  ոչ մէկ  կերպ եղած են  ի նպաստ  թրքական կողմին։

Յիշեցնենք, որ անցեալ  հինգշաբթի երեկոյեան   Անգարայի  մէջ  տեղի  ունեցած  բանակցութիւններու հիմքով շրջանին մէջ   հնգօրեայ   հրադադար  յայտարարուած էր, սակայն  այսօր     ռազմական գործողութիւնները    վերսկսած են։

 

Թուրք  մէկէ աւելի  բարձրաստիճան պատասխանատուներ յայտարարած են, որ իրենք    պատրաստ են     շարունակել   պատերազմը։