Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու ռազմական գործողութիւններէն անմիջապէս ետք հանդէս եկաւ կարճ յայտատարութեամբ մը, որուն ընթացքին յայտարարեց, որ Իսրայէլ կը գոհանայ իր այսօրուան հարուածով եւ կը դադրեցնէ ռազմական բոլոր գործողութիւնները։
Նաթանիահու նաեւ շեշտեց, որ Իսրայէլի քայլերը կապուած են ընդհանուր իրավիճակէն եւ սպասուած զարգացումներէն։
Յիշեցնենք, որ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային ամբողջ հատուածը այսօր յետմիջօրէին լարուած իրավիճակ կը տիրէր։
Պատճառը իսրայէլեան բանակի լիբանանեան «Մարուն Ալ Ռաս» շրջանին դէմ եղած հրթիռարձակումներն էին, որուն իբրեւ պատասխան «Հըզպալլա» անակնկալի բերած էր իր հակառակորդ կողմը եւ հրթիռով մը թիրախ կը դարձնէր «Աւէւիմ» շրջանէն անցնող իսրայէլեան զինուորական կառք մը։