image

«Ղազանչեցոցի դէմ եղած հարուածը ուղղուած է նաեւ կրօնին եւ կրօնական արժէքներուն». Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան

«Ղազանչեցոցի  դէմ  եղած հարուածը ուղղուած է նաեւ կրօնին եւ կրօնական արժէքներուն». Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան

 Օրեր  առաջ Արցախի  Շուշի քաղաքի Ս. Ղազանչեցւոց Եկեղեցիին պատահածը յստակ է, որ դիտումնաւոր էր, որովհետեւ եթէ առաջին հարուածէն ետք որոշ մեկնաբաններ, վերլուծաբաններ կը մտածէն, թէ կատարուածին կարելի է պարզաբանում տալ, ներողութիւն յայտնել, կռիւ է, միամիտ կերպով պատահեցաւ, սակայն երկրորդ հարուածը յստակ կը վկայէր, որ այդ դիտումնաւոր, ծրագրուած, նախատեսուած հարուած էր:

Այստեղ տեղին է կրկնել Արցախի Թեմի Առաջնորդ՝ Պարգեւ Սրբազանին արտայայտութիւնը, որ պատահածը Իսլամական Պետութեան ձեռագիրն է, քանի որր, առաջին, համաքրիստոնէական ընտանիքին մէջ յստակ ընդգծուած վերաբերմունք կայ նման դէպքերու համար. չմոռնանք Իրաք, Սուրիա, Աֆղանիստան եւ ուրիշ վայրեր, ուր ահաբեկչական խումբեր կը գործէին [ու տակաւին կը գործեն], այնտեղ, նոյնպէս, ընգծուած վերաբերմունք կայ/ր. այս առումով բնականաբար քրիստոնէական ընտանիքի վերաբերմունքը շատ յստակ է, որ այս ո՛չ միայն համձայնագիրներով ամրագրուած ռազմական յանցանգործութիւն է, այլ նաեւ՝ բարոյական-հոգեւոր իմաստով այս մէկը շատ լուրջ խնդիր է, որովհետեւ պատերազմի ժամանակ աղօթքի տուներ քանդելը ընդհանրապէս, դատապարտելի երեւոյթ է, այս պարագային մանաւանդ, եթէ նկատի ունենանք այն փաստը, որ դիտումնաւոր կերպով թիրախաւորուած է Եկեղեցին:

Առաւօտեան ես համացանցին վրայ անդրադարձայ, որ նոյնիսկ մի քանի հարիւր մեթր անդին, ռումբ ինկած էր նաեւ Շիաա իսլամական համայնքին պատկանող մզկիթին մօտ: Այսինքն՝ այս կը նշանակէ, որ այստեղ բաւականին նուրբ շերտեր կան, քանի որ, ինչպէս գիտէք, ճիհատիստական, ահաբեկչական խմբաւորումներուն գրեթէ 99 տոկոսը [իսլամական] Սունի համայնքին կը պատկանին, այսինքն՝ մարդիկ որոնք, ընդհանրապէս Շիաա՝ այսպէս կոչուած դաւանութեան հետ, լուրջ հակասութիւններ ունին: Այս առումով, պարզ է, որ բաւական լուրջ խնդիրներ կը բացուին նաեւ Ատրպէյճաէն ներս, որովհետեւ Ատրպէյճանի բնակչութեան գերակշիռ մասը Շիաա իսլամական թեւի ներկայացուցիչներ են: Գիտենք նաեւ, որ Կովկասի իսլամներուն հոգեւոր առաջնորդը նոյնպէս շիաա է:

Այս հարուածը ուղղուած է նաեւ կրօնին եւ կրօնական արժէքներուն: …Մենք կրօնական իմաստով, կրօնի տեսութեան իմաստով նաեւ, ականատես կը դառնանք կրօնի եւ կրօնականի ձեւախեղումին, որովհետեւ իսլամը ինք, խաղաղութեան կրօն է, «իսլամ, սալամ»: Նշենք նաեւ, որ միլիոնաւոր իսլամ հաւատացեալներ, որոնք կրօնական լուրջ համոզումներ ունին, կը փորձեն խաղաղ համակեցութեամբ ապրիլ թէ՛ հայ քրիստոնեայի, թէ՛ յոյն քրիստոնեայի եւ թէ՛ մնացած քրիստոնեաներուն հետ:

Մենք, նոր կրօնական «կլօպալ» համակարգին մէջ, մասնաւորապէս իսլամական կրօնքին մէջ, ականատես կը դառնանք կրօնի ձեւախեղումին: Կրօնը սկսած է ստանալ ամենատարբեր մեկնաբանութիւններու ձեւեր: Օրինակ, «ճիհատ» եզրը, սկիզբէն եւ այսօր ալ պաշտօնական մեկնաբանութիւններուն մէջ, հոգեւոր հերոսութիւն, ջանք, պայքար կը նշանակէ: Սակայն, անցնող շրջանին եւ մանաւանդ նոր շրջանին՝ 18-րդ, 19-րդ, 20-րդ դարերուն ամբողջապէս այլ իմաստ սկսած է ունենալ: Այս մէկը լաւագոյն ապացոյցն է այն բանին, որ մենք կրօնական գաղափարի եւ ընդհանրապէս կրօնականի, նուիրականի, գերբնականի, այս պարագային՝ իսլամին մէջ, ձեւախեղումի ականատեսն ենք:

Պատահական չէ, որ միջեկեղեցական եւ բազմաթիւ այլ քրիստոնէական յարանուանութիւններու ուղերձներուն մէջ՝ Վեհափառ Հայրապետին, մեզի ուղղուած, յատուկ մտահոգութիւն կը յայտնուի Թուրքիոյ գործօնին մասին, քանի որ իսլամական կրօնի այս ձեւախեղումը եւ ահաբեկչական, ծայրայեղական խումբերու ներկայութիւնը աշխարհի տարբեր մասերուն մէջ լուրջ հետեւաքներ պիտի ունենան, ո՛չ միայն ռազմական, մարտավառական առումով, այլ նաեւ՝ կրօնի մեկնաբանութեան տեսանկիւնէն:    

 

https://www.facebook.com/lurer1tv/videos/823460511747642