Երէկ՝ 10 յունուարին, Նախագահ Սերժ Սարգսեանին իր հաւատարմագրերնը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղէրը:
Ինչպէս «Արմէնբրէս»-ին տեղեկացուցած են ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, շնորհաւորելով դեսպանին նշանակման կապակցութեամբ՝ Հանրապետութեան Նախագահը վստահութիւնը յայտնած է, որ ան առաւելագոյն ջանք պիտ ներդնէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ամրապնդման գործին: Նախագահ Սարգսեան ուրախութեամբ արձանագրած է, որ Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները, հիմնուած ըլլալով երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ, տարուէ տարի կը խորանան եւ կ'ամրապնդուին: Նախագահի համոզմամբ՝ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ետք, անցած 25 տարիներու ընթացքին երկու երկիրները յաջողած են կառուցել այնպիսի յարաբերութիւններ, որոնց բնորոշ են բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը, փոխվստահութիւնը, ինչպէս նաեւ սերտ համագործակցութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է բարեկամ Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ լիբանանահայերու նկատմամբ տասնամեակներ շարունակ ցուցաբերուող ջերմ վերաբերմունքին համար, ինչը անոնց հնարաւորութիւն տուած է ոչ միայն պահպանելու իրենց ինքնութիւնը, այլ նաեւ զարգանալու եւ աշխոյժօրէն մասնակցելու երկրի ընկերային-տնտեսական կեանքին:
Դեսպան Մայա Տաղէր շնորհակալութիւն յայտնած է Հանրապետութեան Նախագահին ընդունելութեան եւ շնորհաւորանքին համար՝ համակարծիք ըլլալով Նախագահի հետ, որ հակառակ որ երկկողմ միջպետական յարաբերությունները ընդամէնը 25 տարուայ պատմութիւն ունին, սակայն անոնք շատ ամուր են՝ որպէս հիմք ունենալով երկու ժողովուրդներու բարեկամութիւնը:
Դեսպան Տաղէր դրուատիքով խօսած է Լիբանանի հայ համայնքի մասին, որ աշխոյժ մասնակցութիւն ունի երկրի զարգացման գործին մէջ:
Զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ Հայաստանը եւ Լիբանանը արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս:
Հանրապետութեան Նախագահը եւ Լիբանանի դեսպանը երկուստէք կարեւորած են Հայաստանի տնտեսութեան նկատմամբ լիբանանցի գործարարներու աճող հետաքրքրութիւնը՝ ընդգծելով ներդրումներու խրախուսման ու գործարարներու միջեւ շփումներու աշխոյժացման անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ժամանակ անդրադարձ եղած է նաեւ միջազգային արդի խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն: