Քաթար պաշտօնական այցով գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Քաթարի հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանրապետութեան նախագահը հանդէս եկած է ողջոյնի խօսքով՝ նշելով, որ ուրախ է Քաթարի նորակազմ, փոքրաթիւ, բայց ամրակուռ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման հնարաւորութեան համար։ Սերժ Սարգսեան ողջունելի համարած է, որ ապրելով եւ արարելով Քաթարի մէջ, հայկական համայնքը իր ներդրումը կը բերէ այդ երկրի զարգացման գործին` փորձելով պահպանել հայկականութիւնն ու հայեցի ոգին: Այս գործին մէջ, նախագահ Սարգսեան կարեւոր համարած է «Մեսրոպեան» միօրեայ վարժարանի դերակատարութիւնը:
Նման պայմաններու մէջ, ըստ նախագահին, նորովի կ՛արժեւորուի Ծոցի արաբական երկիրներու մէջ հայկական համայնքներու գոյութիւնն ու բարգաւաճումը: Սերժ Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ հայ-քաթարական երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կայ չիւրացուած մեծ ներուժ, եւ տեղի հայկական համայնքի աջակցութեամբ պէտք է ջանքեր գործադրել նոր բովանդակութիւն հաղորդելու այդ յարաբերութիւններուն:
իր ողջոյնի խօսքին մէջ Հանրապետութեան նախագահը անդրադարձած է նաեւ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին` ներկայացնելով հայկական կողմի դիրքորոշումները եւ կարգաւորման գործընթացին մէջ ներկայիս առկայ մտահոգութիւնները: «Այսօր ալ ի լուր աշխարհի կը յայտարարեմ, որ գնահատելով խաղաղութեան արժէքը, մենք երբեք չենք երկնչիր միասնական բռունցք դառնալու եւ տէր կանգնելու արցախահայութեան արդարացի պահանջին, ինչպէս ատիկա ըրած ենք քառորդ դար առաջ, ինչպէս ատիկա ըրինք անցեալ տարուան Ապրիլին»,-ընդգծած է նախագահը:
Սերժ Սարգսեան խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն մասին:
Յիշեցնենք, որ պաշտօնական այցելութեամբ Քաթար գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ առանձնազրոյց ունեցած է Քաթարի Թամիմ պըն Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ: