image

«Մեր առաքելութիւնն է ժողովուրդին կողքին ըլլալ». Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

«Մեր առաքելութիւնն է ժողովուրդին կողքին ըլլալ». Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

«Ժողովուրդին հետ ըլլալ, ժողովուրդին կարիքները հոգալ եւ տիրութիւն ընել, մեր ամէնէն նախապատիւ նկատուած առաքելութիւնն է այսօր»,-«Արեւելք»ին ըսաւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան: Վերապատուելին նաեւ յայտնեց, որ անցած երկու օրերուն Հալէպի վիճակը եղած է ծանր, որովհետեւ սուրիական բանակը՝ ընկերակցութեամբ ռուսական օդուժին եւ գետնի վրայ «Հըզպալա»ի, Հալէպի հիւսիսային շրջաններուն մէջ գործողութիւններ կը տանի եւ այդ պատճառով իսկ արդէն հակազդեցութիւնը կ'ըլլար խաղաղ եւ քրիստոնեայ բնակչութեան շրջաններու վրայ յարձակումներով եւ ծանր հրթիռակոծումներով: «Այս բոլորը կ'ընեն որպէսզի տկարացնեն եւ քայքայեն ընդհանրապէս Հալէպ քաղաքի մէջ բնակող ժողովուրդը, որոնք իշխանութեան տիրապետութեան տակ են, որպէսզի անոնց քայքայումով նաեւ տկարանան, եւ ոմանք ձգեն ու հեռանան»,- յայտնեց Վերապատուելին, նշելով, որ այդպիսով աւելի հեշտ կը դառնայ իրենց ներխուժումի ծրագիրները իրագործել՝ դէպի միջին Հալէպը: «Սակայն, հայ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդը իրենց իսլամ եղբայրներուն հետ միասին այդտեղ կենալու որոշումը ունին, իրենց երկիրը, իրենց քաղաքը պահելու, պահպանելու, եւ անոնք կը շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը՝ դպրոցներու եւ ընկերային հաստատութիւններու ճամբով»,-եզրափակեց Սէլիմեան:

Անդրադառնալով այս հակազդեցութենէն հալէպահայ համայնքի կրած կորուստներուն մասին, Վերապատուելին նշեց. «Որպէս հետեւանք այս ծանր դրութեան,  մենք ունեցած ենք մէկ հայ կին զոհ, կան նաեւ վիրաւորներ: Հրթիռներ ինկած են ՀՄԸՄ-ի պարտէզին եւ Կրթասիրաց վարժարանի վրայ, որ ընդհանրապէս ահ ու բոհի մէջ ձգած են ժողովուրդը»,-աւելցնելով, նաեւ որ խտացուած կերպով հրթիռարձակումներ եղած են նաեւ Ազիզիյէ եւ Թիլէլ շրջաններուն վրայ: