Վլատիմիր Զելենսքիի այցը Երեւան հայ ժողովուրդին ցոյց տուաւ, թէ ինչ ճակատագիր կը պատրաստէ անոր համար Եւրոպական Միութիւնը։ Այս մասին ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Զելենսքիի այցելութիւնը Երեւան Հայաստանի քաղաքացիներուն ցոյց տուաւ այն ապագան, զոր անոնց համար նախապատրաստած է Եւրոպական Միութիւնը։ Յոտնկայս կը ծափահարեմ։ Ո՛չ, ասիկա սխալ չէ։ Ասիկա իսկական նուէր է։ Հայ ժողովուրդին ցոյց տալ պրիւքսէլեան դրածոն, որ իսկապէս դարձած է մարմնաւորումը այն բանին, թէ ինչ կ՚ընէ Եւրոպական Միութիւնը այսպէս կոչուած երիտասարդ ժողովրդավարութիւններուն հետ»,- ըսած է դիւանագէտը։
Զախարովան շեշտած է, որ Հայաստանը կը մտնէ Եւրոպայի ռազմականացման ծրագիրներուն մէջ, եւ անոր եւս պիտի ներքաշեն նոյն այդ եւրոմիութենական ճակատներուն մէջ։ Ան յիշեցուցած է, որ Զելենսքին Երեւանի մէջ խօսած է նաեւ հակառուսական նոր պատժամիջոցներու մասին։
«Որո՞ւ կ՚ըսէր ան ատիկա։ Հայաստանի քաղաքացիներուն, որոնք կը համագործակցին, գործարարութիւն կը վարեն, ընկերութիւններ կը հիմնեն Ռուսիոյ քաղաքացիներուն հետ, մեր ընկերութիւններուն հետ»,- նշած է ան։
Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչը հարց բարձրացուցած է, թէ ինչո՛ւ ան չէ խոստովանած, որ Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման պարագային հակառուսական պատժամիջոցները ոչ թէ անուղղակիօրէն, այլ ուղղակիօրէն պիտի հարուածեն Հայաստանի ընկերութիւնները, Հայաստանի քաղաքացիները, հայկական գործարարութիւնը եւ հայերու բարեկեցութիւնը։
«Ինչո՞ւ լռեցին։ Լաւ, լռեցին, բայց իրավիճակը ինքնին ամէն ինչ ի յայտ բերաւ եւ բոլորին պատմեց այդ գաղտնիքներուն մասին, որոնք այժմ ակնյայտ դարձած են»,- եզրափակած է ան։