Պոլսէն խոր մտահոգութեամբ տեղեկացանք, թէ «Փարոս» ամսագրի հրատարակութեան տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Տիկին Մայտա Սարիս, Շաբաթ, 3 Մայիսին, արկածի ենթարկուած է Պոլսոյ «Ճէվահիր» առեւտուրի կեդրոնին մերձակայ շրջանին մէջ։
Համաձայն ստացուած տեղեկութիւններուն՝ ինքնաշարժ մը հարուածած է Տիկին Սարիսը, ինչ որ պատճառ դարձած է, որ անոր ծունկին մէջ երկու տեղէն բեկում արձանագրուի։ Դէպքէն անմիջապէս ետք ան շտապ կերպով տեղափոխուած է Ամերիկեան հիւանդանոց, ուր անհրաժեշտ առաջին բուժօգնութիւնը ցուցաբերուած է։
Ըստ բժիշկներուն, վիրահատութիւնը նախատեսուած է մօտ օրերուն։
«Փարոս» պարբերականի ընտանիքին եւ Տիկին Մայտա Սարիսին կը յղենք մեր զօրակցութիւնն ու բարեմաղթանքները՝ մաղթելով շուտափոյթ եւ լիակատար ապաքինում։
