Աշխատանքային այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող Նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր մասնակցած է Ապու Տապիի մէջ իրականացող «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովին: Համաժողովը կազմակերպուած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ապու Տապի Էմիրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մուհամմէտ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի բարձր հովանավորութեամբ, այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը։
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի եւ Ապու Տապիի Առեւտուրի պալատի կազմակերպած համաժողովը նպատակ ունի խթանել Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու տնտեսական կապերու աշխոյժացումը, գործարարներու միջեւ շփումները, ներկայացնել Հայաստանի ներդրումային միջավայրը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ ներդրումային նախագիծեր: Համաժողովի շուրջ 300 մասնակիցներու շարքին են պետական պաշտօնեաներ, հիմնադրամներու ղեկավարներ, վերազգային ընկերութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու յաջող փորձ ունեցող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։
Համաժողովին ԱՄԷ Տնտեսութեան նախաար Սուլթան պըն Սայիտ Ալ Մանսուրի ողջոյնի խօսքէն ետք, Հանրապետութեան Նախագահը համաժողովին հանդէս եկած է ելոյթով:
***
Նախագահ Սերժ Սարգսյանի ելոյթը
հայ-էմիրաթեան ներդրումային համաժողովին
Մեծարգո՛յ պարոն նախարար,
Յարգելի՛ տիկնայք եւ պարոնայք,
անչափ հաճելի, նաեւ խորհրդանշական է իմ նախորդ պաշտօնական այցից ընդամէնը չորս ամիս անց կրկին հիւրընկալուել այս բարեկամական հողում: Ջերմօրէն ողջունում եմ բոլորիդ այս հրաշալի սրահում. նման բացառիկ ներկայացուցչական միջոցառումը հայ-էմիրաթեան տնտեսական կապերին նոր որակ հաղորդելու` մեր երկիրներու բարձր ղեկավարութեան երկուստէք ցանկութեան ու յանձնառութեան վկայութիւնն է: Ընդամէնը ամիսներ առաջ ասիկա միայն գաղափար էր, իսկ այսօր` արդէն իրականութիւն, որմէ մեր սպասումները մեծ են: Այս գաղափարը կեանքի կոչելու համար առանձնայատուկ երախտագիտութիւն կը յայտնեմ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւններուն եւ յատկապէս Ապու Տապի էմիրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Նորին Վսեմութիւն Շէյխ Մոհամմետ պըն Զայետ Ալ Նահեանին:
Յարգելի՛ գործընկերներ,
Հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու փորձութիւն անցած է եւ, հասնելով մեր օրերը, դարձած Հայաստանի ու բազմաթիւ արաբական երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններու անսասան հենքը: Այդ իսկ հենքի վրայ էր, որ Միացեալ Էմիրութիւններու լուսահոգի հիմնադիր Նախագահ Շէյխ Զայետ պըն Սուլթան Ալ Նահեանի օրով սկիզբ առաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջպետական համագործակցութիւնը: Եւ այսօր մեր ցանկութիւնն է ու նաեւ մեր պարտքը` ամրապնդել եւ խորացնել այս արժէքաւոր ժառանգութիւնը, որ ստացած ենք:
Հայաստանը իր պատմութեան ողջ ընթացքին գտնուած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին, որ հայ ժողովուրդը երկու աշխարհներու համար ալ դարձուցած է ընկալելի: Միաժամանակ, Արեւելքն ու Արեւմուտքը միախառնուած են մեր հողին` արտացոլուելով հայ ժողովուրդի մտածելակերպին եւ կենսակերպին մէջ: Ասիկա կը նշանակէ, որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, գալով Հայաստան, պիտի բացայայտէ ոչ միայն գործարարութեան համար բարենպաստ միջավայր, այլեւ հոգեհարազատ տարրեր, որոնցմէ ամենաբնորոշները, թերեւս, աւանդական հայկական հիւրընկալութիւնն ու ջերմութիւնն են, որոնք յատուկ են նաեւ եղբայրական արաբ ժողովուրդին:
Բնականաբար, ձեզմէ շատերը Հայաստանի մասին իրենց պատկերացումը ունին, շատերն ալ դեռ նոր պիտի բացայայտեն Հայաստանը` յատկապէս իբրեւ տնտեսական ներուժ: Իսկ մինչ այդ կը ցանկանամ քանի մկ շեշտադրում կատարել Հայաստանի մէջ գործարարութեամբ զբաղելու առնչութեամբ, որոնք կարեւոր նախադրեալներ են մեր փոխշահաւէտ գործընկերութեան տեսանկիւնէն:
Աներկբայ է` փոխշահաւէտ գործընկերութեան նախադրեալներէն թերեւս ամենակարեւորը վստահութեան գործօնն է: Յարափոփոխ մեր աշխարհի մրցակցային պայմաններուն մէջ կարելի է երկարաժամկէտ գործընկերութիւններ ստեղծել եւ ներդրումներ կատարել միայն այն պարագային, երբ առկայ է կայուն վստահութեան մթնոլորտ: Բան մը, որ մենք, իսկապէս, կը կիսենք: Մեր ժողովուրդները պատմութեամբ կը ճանչնար իրարու. պատմական հանգամանքներու բերումով ապրելով արաբ ժողովուրդի հետ կողք կողքի եւ հաղորդակից ըլլալով արաբական քաղաքակրթութեան` մենք լաւ կը գիտակցինք վստահութեան արժէքը:
Չնայած պատմութեան ընթացքին մեզի բաժին հասած բազում դժուարութիւններուն` մենք երբեք չենք ընկրկած, սփռուած ենք աշխարհով մէկ եւ դարձած նաեւ յաջողակ գործարարներ: Այսօր ալ մեզի չեն վախցներ առկայ սահմանափակումները, մենք կը փորձենք զանոնք վերածել մրցակցային առաւելութիւններու: Չունենալով ուժանիւթ` մենք կը զարգացնենք մարդկային աղբիւրը, գտնուելով շրջափակման մէջ` մենք կը ստեղծենք ընդելուզման կամուրջներ, չունենալով ելք դէպի ծով` մենք կը բացուինք աշխարհին մեր աշխարհասփիւռ հայ համայնքներուն միջոցով, կը հաղորդակցուինք` ստեղծելով այլընտրանքային ուղիներ եւ օգտուելով ժամանակակից ճարտարագիտութիւններէն:
Ըսածիս լաւագոյն վկայութիւնը այն է, որ Հայաստանը այսօր վերածուած է ամբողջական բարդ ճարտարագիտական լուծումներ եւ ծառայութիւններ առաջարկող երկրի` զբաղցնելով իր իւրայատուկ տեղը տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու համաշխարհային քարտէզին վրայ: Դուք հնարաւորութիւն ունիք սեփական փորձով համոզուելու, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած է գործարարութեամբ զբաղելու համար բարենպաստ դաշտ, օրէնսդրօրէն պաշտպանուած եւ ազատ ներդրումային միջավայր: Այդ մասին կը վկայէ Համաշխարհային դրամատան «Տուինկ պիզնես 2017» զեկոյցը, որուն համաձայն Հայաստանը 190 երկրի շարքին 38-րդն է, ի դէպ գործարարութիւն սկսելու դիւրինութեան ցուցանիշով` 9-րդ հորիզոնականին է: Ինչ կը վերաբերի տնտեսական ազատութեան ցուցանիշին` այս տարի արձանագրուած է աննախադէպ առաջընթաց. մեր երկիրը ներկայիս 180 երկիրներու շարքին 33-րդ հորիզոնականին է` նախորդ տարուան համեմատ 21 կէտով բարելաւելով իր դիրքը:
Մեր կառավարութիւնը պատրաստած է ներդրումային փաթեթներ, որոնք կը գտնուին իմ անմիջական ուշադրութեան ներքոյ: Մենք կ’ողջունենք եւ կ’աջակցինք Հայաստանի տնտեսութեան տարբեր ոլորտներու մէջ Միացեալ Էմիրութիւններու ներդրողները:
Համագործակցութեան մեծ հնարաւորութիւններ կան գիւղատնտեսութեան եւ սնունդի արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ:
Հայաստանի մէջ օրէ օր աւելի մեծ տարածում կը ստանայ բնական եւ ջերմոցային գիւղատնտեսութիւնը, որուն արտադրանքը, կը կարծեմ, մեծ պահանջարկ ունի նաեւ ձեր երկրին մէջ: Ինչպէս յայտնի է, Հայաստանը միջազգային հեղինակութիւն կը վայելէ միրգ-բանջարեղէնի վերամշակման, պահածոյացման, չրագործութեան, հիւթերու արտադրութեան ոլորտներուն մէջ, իսկ տեղական աղբիւրներու քաղցրահամ խմելու ջուրը դարձած է Հայաստանի այցեքարտը: Հայաստանը բնօրրանն է աշխարհի ամենահամեղ միրգերէն մէկուն` արեւահամ ծիրանի, որ գիտութեան յայտնի է, իբրեւ «բրունուս արմէնիաքա»:
Վերոյիշեալ ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան արդիւնաւէտ հարթակ կրնան դառնալ Հայաստանի ազատ տնտեսական գօտիները` բարձր եւ նորարարական ճարտարագիտութիւններու արտադրութեան ուղղուածութիւն ունեցող «Ալեանս»-ը եւ ոսկերչութեան, ադամանդագործութեան, ժամագործութեան ոլորտներու համար նախատեսուած «Մերիտիան»-ը, որոնց գործունէութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ ազատուած է հարկերէ եւ մաքսատուրքերէ: Նախատեսուած է ստեղծել եւս մէկ` աւելի լայն ընդգրկումով ազատ տնտեսական գօտի, որ արդիւնաւէտ հարթակ պիտի դառնայ ԵԱՏՄ, ԵՄ եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու շուկաներ դուրս գալու համար: Հայաստանը էմիրաթեան գործարարներուն կ՝առաջարկէ անընդհատ ընդլայնուող շուկայ, քանզի Եւրասիական ընդելուզումը ընդլայնած է Հայաստանի տնտեսական սահմանները գրեթէ մինչեւ համաշխարհային ցամաքի 1/7-րդ մասը:
Բացի այդ, վերջերս աւարտեցան Հայաստան-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները, որ կը նշանակէ նաեւ Եւրոպական միութեան հետ տնտեսական կապերու նոր մակարդակ, առեւտուրի եւ ներդրումներու նոր հնարաւորութիւններ: Հայաստանը մինչ այդ արդէն իսկ կ՝օգտուէր Եւրոմիութեան արտօնութիւններու ընդհանրացուած GSP+ համակարգէն, որ թոյլ կու տայ մեր երկրին մէջ արտադրուած շուրջ 6400 ապրանքատեսակներ արտօնեալ պայմաններով արտահանել ԵՄ:
Վստահ եմ, որ համատեղ աշխատելու պարագային զգալի ձեռքբերումներ պիտի ունենանք: Ատոր լաւագոյն վկայութիւնը մեր երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան աննախադէպ աճն է` շուրջ երկուքուկէս անգամ, որ նկատելի դարձաւ նախորդ տարուան արդիւնքներուն ամփոփումով: Իսկ այս տարի արձանագրած ենք թռիչքային աճ` աւելի քան 8 անգամ, եւ պատրաստակամ ենք ապահովելու անոր շարունակականութիւնը:
Չեմ կրնար չնշել զբօսաշրջութեան ոլորտը, որ ժողովուրդներու բարեկամութեան, միջմշակութային երկխօսութեան եւ փոխճանաչողութեան լաւագոյն միջոցն է: Ուրախալի է, որ Էմիրութիւններէն Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը վերընթաց կ՝աճի. միայն 2016-ին անիկա աւելցած է 44 տոկոսով: Վստահ եմ` ասիկա բնաւ ալ սահմանագիծ չէ, մանաւանդ, որ այսօրունէ իսկ ուժի մէջ մտաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիներու համար ազատ վիզային կարգը: Հայաստանի մէջ զբօսաշրջիկներուն մատուցուող ծառայութիւնները հետեւողականօրէն կը կատարելագործուին: Առհասարակ, ծառայութիւններու մատուցման ոլորտը Հայաստանի մէջ ամենաարագ զարգացողներէն է, եւ այս առումով մեր երկիրը շահեկան դիրքերու վրայ է տարածաշրջանին մէջ:
Ի դէպ, կ՝ուզեմ կարեւոր հանգամանքի մը եւս անդրադառնալ. վերջին տարիներուն Հայաստան ժամանած են շուրջ 20 հազար հայեր, որոնք որքան հայկական, նոյնքան ալ արաբական ինքնութեան ու մշակոյթի կրողներ են: Թէ՛ արաբախօս, թէ՛ հայախօս եւ թէ՛ նշանակալի գործարար աւանդոյթներ ունեցող նման ստուար համայնքի ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ կրնայ ուղղակիօրէն եւ զգալիօրէն դիւրացնել էմիրաթցի ներդրողներու գործունէութիւնը մեր երկրին մէջ:
Յարգելի՛ գործընկերներ,
Այսպիսով, ես կը հրաւիրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը բացայայտելու Հայաստանը` իր լեռնային իւրօրինակ բնաշխարհով, համեղ ուտեստներով, հայկական հիւրընկալութեամբ եւ, անշուշտ, կրթուած, աշխատասէր եւ իրենց գործի գիտակ տարրերով, որոնք մեծ նուիրումով կրնան ներգրաւուած ըլլալ իւրաքանչիւր հեռանկարային ծրագրի մէջ:
Շնորհակալ եմ ուշադրութեան համար եւ մէկ անգամ եւս իմ երախտագիտութիւնը կը յայտնեմ Էմիրութիւններու ղեկավարութեան՝ այս հրաշալի ձեռնարկը կազմակերպելու համար:
Շնորհակալութիւն: