image

Լիպիոյ Տագնապ. Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարէն ծանր մեղադրանք՝ Ֆրանսային

Լիպիոյ Տագնապ. Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարէն ծանր  մեղադրանք՝ Ֆրանսային

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն իր հունգարացի գործընկեր Փեթեր Սիյարթոյի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Ֆրանսան կը ձգտի մեծցնել Ռուսաստանի ներկայութիւնը Լիպիոյ մէջ, իսկ Թուրքիան ու Ռուսաստանը ջանքեր կը ներդնեն Լիպիոյ մէջ հրադադարի հաստատման համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Չաւուշօղլուն նշած է, որ Մոսկուան ու Անգարան կը ձգտին լիպիական հակամարտութեան գօտիին վրայ արիւնահեղութեան դադարեցման, մինչ Ֆրանսան կ'աջակցի «Խալիֆա Հաֆթարի ապօրինի զինուած խմբաւորումներուն»:

«Փարիզը կը հերքէ ապստամբներուն իր աջակցութիւնը, սակայն փաստացիօրէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը գնէ ֆրանսական զէնքը եւ կ'ուղարկէ Լիպիա: Փարիզը ազնիւ չէ իր գործողութիւններուն մէջ»,-նշած է թուրք արտաքին գործոց նախարարը:

Չաւուշօղլուն Ֆրանսայի գործողութիւնները Լիպիոյ մէջ «կործանարար» որակած է:

«ՆԱԹՕ-ն Լիպիոյ մէջ Ռուսաստանի ներկայութիւնը կը բնորոշէ որպէս «սպառնալիք», այնինչ Ֆրանսան, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի անդամ է, Ափրիկէի հիւսիսը կը խաղայ Ռուսաստանի օգտին: Ֆրանսան կը ձգտի մեծցնել Ռուսաստանի ներկայութիւնը Լիպիոյ մէջ: Իսկ Թուրքիան Լիպիոյ մէջ կ'աջակցի հարցի քաղաքական լուծման: Մենք կը համագործակցինք հիւսիսափրիկեան երկրի օրինական իշխանութիւններուն հետ: Մեր երկրի ջանքերով ապահովուած է Լիպիոյ հակամարտութեան գօտիի հաւասարակշռութիւնը: Թուրքիան թոյլ չտուաւ, որ Թրիփոլիի մէջ փողոցային մարտեր սկսին»,-յայտարարած է Չաւուշօղլուն: