Լիբանանի մէջ տնտեսական ճգնաժամի եւ լոքտաուններու պատճառով եկամուտներու կրճատումը դարձած է բժշկութեան ոլորտին մէջ հազարէ աւելի մասնագէտներու երկրէն հեռանալու պատճառ: Այս մասին ԹԱՍՍ-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Լիբանանի բժիշկներու միութեան ղեկավար, փրոֆեսըր Շարաֆ Ապու Շարաֆը: «Մեր երկիրը, որ երկար տարիներ շարունակ հռչակուած էր որպէս Մերձաւոր Արեւելքի բուժարան, առաջին անգամ ըլլալով զրկուած է իր բժշկական անձնակազմի զգալի մասէն»,- շեշտած է փրոֆեսըրը:
Անոր տեղեկութիւններով՝ հեռացածներու կամ պայմանագրերու ստորագրման սպասողներու թիւը կը կազմէ բուժանձնակազմի 20-30 տոկոսը: «Մենք առողջապահութեան հատուածին մէջ ստեղծուած իրավիճակը ճգնաժամային կը համարենք, որովհետեւ արտասահման կը մեկնին 35-55 տարեկան մասնագէտները,- նշած է Ապու Շարաֆը: - Այդ շարքին՝ անոնք, որոնք ոչ միայն հիւանդանոցներուն ու մասնաւոր դարմանատուներու մէջ մարդոց բուժած են, այլեւ դասաւանդած են համալսարանական ամպիոններէն ներս»: Հետեւաբար, անոր կարծիքով, օրինաչափ է խօսիլ «Լիբանանէն ուղեղներու արտահոսքի մասին»:
Միութեան ղեկավարը յայտնած է, որ բժիշկները, որոնք Լիբանանի մէջ միշտ պատկանած են միջին դասին, յանկարծ յայտնուած են վիճակի մը մէջ, երբ ծայրը ծայրին հազիւ կը հասցնեն: «2019 թուականի ճգնաժամի բռնկումէն ետք շատերու համար խնդիր դարձած է թանկարժէք սարքաւորման դիմաց վճարելը եւ շէնք վարձելը, կենցաղային պայմանները վատթարացած են, դեղատուներէն անհետացած են անհրաժեշտ դեղամիջոցները»,- ընդգծած է ան:
Ատկէ բացի, 2020 թուականի օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պայթումի հետեւանքով աւերուած էին 4 խոշոր հիւանդանոցներ եւ տասնեակ մասնաւոր դարմանատուներ: «Պետութեան խոստացած օգնութիւնն այդպէս ալ չտրամադրուեցաւ, որ մարդոց դրդած է երկրէն հեռանալու որոշման»,- ամփոփած է փրոֆեսըրը:
Ապու Շարաֆի կարծիքով՝ Պարսից ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ պայմանագրեր կնքած բժիշկները, ամենայն հաւանականութեամբ, հայրենիք պիտի վերադառնան իրադրութեան կայունացման զուգահեռ: «Սակայն շատ փոքր է յոյսը, որ աշխատելու համար Արեւմտեան Եւրոպա, ԱՄՆ, Գանատա եւ Աւստրալիա մեկնած բժիշկները կը վերադառնան»,- ըսած է ան:
Բժիշկներու միութեան ղեկավարը յայտնած է, որ իշխանութիւններուն դիմած է բժիշկներու ընկերային պաշտպանուածութիւնը բարելաւելու պահանջով, որոնք կ'աշխատին համավարակի դէմ պայքարի առաջնագիծին: «Վարակուած հիւանդներու հետ շփումներէն ետք «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով մահացած բժիշկները պէտք է հաւասարեցուին ծառայողական պարտքը կատարելու ժամանակ զոհուած հերոսներուն»,- նշած է Ապու Շարաֆը: