Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն իր հունգարացի գործընկեր Փեթեր Սիյարթոյի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ի անդամ Ֆրանսան կը ձգտի մեծցնել Ռուսաստանի ներկայութիւնը Լիպիոյ մէջ, իսկ Թուրքիան ու Ռուսաստանը ջանքեր կը ներդնեն Լիպիոյ մէջ հրադադարի հաստատման համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:
«Փարիզը կը հերքէ ապստամբներուն իր աջակցութիւնը, սակայն փաստացիօրէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կը գնէ ֆրանսական զէնքը եւ կ'ուղարկէ Լիպիա: Փարիզը ազնիւ չէ իր գործողութիւններուն մէջ»,-նշած է թուրք արտաքին գործոց նախարարը:
«ՆԱԹՕ-ն Լիպիոյ մէջ Ռուսաստանի ներկայութիւնը կը բնորոշէ որպէս «սպառնալիք», այնինչ Ֆրանսան, որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի անդամ է, Ափրիկէի հիւսիսը կը խաղայ Ռուսաստանի օգտին: Ֆրանսան կը ձգտի մեծցնել Ռուսաստանի ներկայութիւնը Լիպիոյ մէջ: Իսկ Թուրքիան Լիպիոյ մէջ կ'աջակցի հարցի քաղաքական լուծման: Մենք կը համագործակցինք հիւսիսափրիկեան երկրի օրինական իշխանութիւններուն հետ: Մեր երկրի ջանքերով ապահովուած է Լիպիոյ հակամարտութեան գօտիի հաւասարակշռութիւնը: Թուրքիան թոյլ չտուաւ, որ Թրիփոլիի մէջ փողոցային մարտեր սկսին»,-յայտարարած է Չաւուշօղլուն: