Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի հրաժարի: Այս մասին լուրը հաղորդեց Reuters լրատուական գործակալութիւնը։ Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ հրաժարականը պիտի ներկայացուի առաջիկայ ժամուան ընթացքին։
Իր կարգին «Ալ Մայատին» կայանը այս մասին լուր հաղորդելով նշեց, որ Հարիրիի մօտիկ աղբիւր մը խօսելով կայանին նշած է, որ հրաժարականի ընտրանքը չէ բացառուած, սակայն հրաժարելու որոշումը չէ տրուած։
Յիշեցնենք, որ երկու շաբաթէ ի վեր Լիբանանի մէջ բազմահազարանոց ցոյցեր կը կատարուին եւ ցուցարարներ կը պահանջեն վարչապետ Հարիրիի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականը։