Տնտեսական մտահոգութիւններով ընթացք առած բողոքի ցոյցերը այսօր վերածուած են քաղաքական պարանաձգութեան։
Այս մասին այսօր հրապարակում մը կատարած է լիբանանեան «Ալ Ժուհուրիյա» պարբերականը նշելով, որ քաղաքական շրջանակներ կը հետեւին յատկապէս նախագահ Աունի քայլերուն, որ պարտաւոր է յառաջիկայ օրերուն լսումներ կատարել եւ յայտարարել նոր վարչապետին անունը։
Թերթը, որուն Պաապտայի նախագահական պալատին մօտիկ եղող աղբիւրը կարեւոր տեղեկութիւններ տուած է պալատին մէջ տեղի ունեցող խմորումներուն մասին յայտնած է, որ նախագահ Աուն նոր վարչապետին անունը պիտի չյայտարարէ այնքան ժամանակ, որ այդ վարչապետին անուան շուրջ համընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտ մը չկայ։
Ինչպէս գիտենք վարչապետին անուան յայտարարումը կը կատարուի լսելէ ետք երկրի երեսփոխաններու այդ մասին տեսակէտը, որմէ ետք է միայն, որ նախագահը կը յայտարարէր նոր անունը, որմէ ետք ալ վարչապետը կ՚անցնի իր աշխատանքին եւ կը կատարէ համապատաախան շփումներ իր կառավարութիւնը կազմելու նպատակով։
Լիբանանի քաղաքական շրջանակներուն մօտ կայ որոշ անորոշութիւն ու հասկնալի է նաեւ, որ վարչապետ Հարիրի իր սիւննի համախոհներուն ու քաղաքական համախոհներուն հետ եկած է այն եզրակացութեան, որ նոր կառավարութիւնը պէտք է ըլլայ բացառապէս «թէքնոքրաթ» կառավարութիւն մը, բան մը, որուն նախագահն ու անոր շրջանակները ըստ երեւոյթին համաձայն չեն։
Այս բոլորը հաշուի առնելէ ետք աւելի քան պարզ սկսած է դառնալ, որ տնտեսական պահանջներով ընթացք առած բողոքի ցոյցերը վերածուած են երկրին մէջ առկայ քաղաքական բուռն պայքարի մէկ մասնիկը։