image

Լիբանան. Օր 12 ցոյցերը կը շարունակուին

Լիբանան.   Օր   12    ցոյցերը  կը շարունակուին

     Լիբանանի  մէջ այսօր  նոյնպէս  գործադուլի  օր է։  Վարժարանները,  դրամատուները  եւ մեծ  թիւով հաստատութիւններ փակ կը պահեն իրենց դռները։ 

 

    Հանրապետութեան շարք  մը կարեւոր  ճանապարհներ  կը շարունակեն մնալ փակուած  եւ  ինչպէս  աւելի վաղ   «Արեւելք»  տեղեկացուցած էր,  երկրի  ցուցարարները այսօր յայտարարած  էին  «Մէկ միլիոն ինքնաշարժներու օր». Քաղաքացիները  վճռած են իրենց ինքնաշարժները      կը կանգնեցնեն      անդամալուծելու համար  դէպի  Պէյրութ  տանող  գլխաւոր մայրուղիները։ 

 

 Մասնաւորապէս Զուքի,    Նահր Ալ Քալպի եւ Ժալ  Ալ  Տիպի  մայրուղներուն    վրայ  քաղաքացիներ   հաւաքուած են եւ կը փորձեն ամէն գնով  փակ  պահել  ճանապարհները։

 

   Ինչ կը վերաբերի Ժիպէյլ  ծովեզերեայ  շրջանի  մայրուղիին  կը հաղորդուի, որ քաղաքացիներ  երէկ    գիշարած են    այդ  ճանապարհին վրայ եւ   այսօր առաւօտեան  ժամերէն ի վեր փակուած կը պահեն  ճանապարհները։ 

 

 

 Յիշեցնենք, որ երէկ   դարձեալ  հազարաւոր  ցուցարարներ    չէին հեռացած հրապարակներէն    մնալով   իրենց նոյն պահանջին  վրայ, որն է   գործող կառավարութեան արագ  հրաժարականը։