Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ «հայկական բանակը ոչնչացուած է, այն գոյութիւն չունի»։ Ան փորձած է ապացուցել, որ երբ ռուս խաղաղապահները հեռանան Ղարաբաղէն, այնտեղ պիտի շարունակէ զարգանալ խաղաղ կեանքը, քանի որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին, ուր ռուս խաղաղապահներ չկան, ոչինչ տեղի կ'ունենայ եւ խաղաղ է իրավիճակը։
Ան նաեւ անդրադարձած է Երեւան-Կապան մայրուղիին՝ Ատրպէյճանի տարածքին գտնուող 21 քիլոմեթրանոց հատուածին, ցոյց տալու համար որ իբր թէ ատրպէյճանցիները խաղաղասէր են։ Անդրադառնալով այդտեղ դրուած «Բարի գալուստ Ատրպէյճան» ցուցանակին, Ալիեւը ըսած է, որ «հայերը կրակած են ցուցանակի վրայ» եւ իրենք «կրնային փակել ճանապարհը, բայց չեն փակած»։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ