Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի տնտեսական հիմնարար բարեփոխումներու վաւերաթուղթ մը պատրաստած է։ Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Ալ Արապիյա» կայան,ը նշելով նաեւ, որ առաջարկութիւնները միայն Հարիրիինը չեն, այլ այդ վաւերաթուղթի խմբագրման մասնակցութիւն բերած են մէկէ աւելի քաղաքական կողմեր։
«Արապիյա» կը նշէ, որ Հարիրիի կողմէ պատրաստուած վաւերաթուղթը կը բաղկանայ կէտերէ, որոնց ամենագլխաւոր կէտերն են` իշխանաւոր գործիչներու ամսավճարներու կրճատումը, անոնց դրամատնային հաշիւներուն գաղտնազերծումը, առնուազն կառավարական երեք սնտուկներու փակումը, բջիջային հեռախօսներու ընկերութեանց սեփականաշնորհումը, դրամատուներու եւ ապահովագրման ընկերութիւններու վրայ տուրքեր դնելու օրինագիծը եւ այլ կարեւոր համարուած ծրագրեր, որոնք պիտի օգնեն որպէսզի կառավարութիւնը կարողանայ սպասուած բարեփոխումներ իրագործել։
Աղբիւրը կը նշէ, որ մինչեւ այս պահը Հարիրիի նստավայր «Քրայթէմ»ի մէջ ժողովները չեն դադրիր եւ Հարիրի հանդիպումներ կ՚ունենայ կառավարութեան մաս կազմող գրեթէ բոլոր կողմերու ներկայացուցիչներուն մէջ։
Այդ ժողովներուն չեն մասնկացիր «Լիբանանեան ուժեր»ն ու Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչները։
Յիշեցնենք, որ երէկ ուշ գիշերին «Լիբանանեան ուժեր»ու նախագահ Սամիր Ժաաժա մամուլին խօսելով յայտարարած էր, թէ իր կուսակցութեան ներկայացուցիչ չորս նախարարները կը կը հրաժարին կառավարութենէն։
Նշենք նաեւ, որ մինչ Հարիրի իր ժողովները կը շարունակէ , անդին փողոցին մէջ հազարաւոր ցուցարարները կը շարունակեն բողոքի ելոյթները։ Անոնք կը պահանջեն Հարիրիի եւ անոր կառավարութեան հրաժարականը։