Պաղտատի, Պասրայի, Պապելի, Տիուանիայի եւ Զի Քարի մէջ ցոյցերը վերսկսան:
Իրաքեան ապահովական ուժերը ցուցարարներուն կոչ ուղղեցին` մնալու Թահրիր հրապարակին վրայ, իսկ ոստիկանութիւնը իր կարգին ցուցարարներուն կոչ ուղղեց` իրենց ապահովութեան համար հեռանալու Տիգրիս գետի Ժումհուրիայի կամուրջին վարը գտնուող բաժինէն:
Նշենք, որ չորեքշաբթի գիշեր ապահովական մարմիններու անդամներէն մէկը մահացաւ, երբ «Քաթիուշա» տիպի հրթիռ մը ինկաւ Պաղտատի Կանաչ գօտիին մէջ, ուր կը գտնուին կառավարական կառոյցներն ու օտար պետութիւններու դեսպանատուները:
Պաղտատի մէջ նաեւ 175 անձեր վիրաւորուեցան, երբ իրաքեան ապահովական ուժերը արցունքաբեր ռումբեր նետեցին ցուցարարներուն վրայ, որոնք կը փորձէին մուտք գործել Կանաչ գօտի:
Սատըրական հոսանքի ղեկավար սէյիտ Մուքթատա Սատըր Ֆաթհ դաշինքի ղեկավարին կոչ ուղղեց գործակցելու իրաքեան կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու համար, եւ վերջինս իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց երկրի փրկութեան համար գործակցելու:
Իրաքի նախագահ Պարհամ Սալէհ յայտարարեց, որ համամիտ է խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու` հիմնուելով ընտրական նոր օրէնքին վրայ, որ պատրաստութեան ընթացքի մէջ է: