Հոնկ Քոնկի ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ կիրառած է հակակառավարական ցոյցերը ցրելու համար:
Ինչպէս կը փոխանցեն տեղի աղբիւրները, կիրակի հակակառավարական ցոյցի մասնակիցները յարձակում գործած են խանութներու եւ առեւտրային կեդրոններու դէմ: Անոնք, իրենց կարծիքով, կը պաշտպանեն Փեքինի կեդրոնական իշխանութիւններու դիրքորոշումը:
Առեւտուրի կեդրոնէն ներս ցոյց իրականացնելու ժամանակ հոնկքոնկցիները կենդանի շղթայ կազմած են եւ ոտքի տակ առած Չինաստանի պետական դրօշը, որմէ ետք այն տեղադրած են աղբամանն ու նետած գետը:
Ցուցարարները առեւտուրի կեդրոնի մօտ արգելապատնէշներ կանգնեցուցած են եւ այրած: Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր կազ կիրառած է, ինչին ի պատասխան ցուցարարները սկսած են աղիւսներ եւ ձեռնակերտ պայթուցիկներ նետել ոստիկաններու ուղղութեամբ:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ