image

Ատրպէյճան կը շարունակէ իր լկտի ոճը. Գերիներու հարցաքննութիւնը կը շարունակուի

Ատրպէյճան կը շարունակէ իր լկտի ոճը. Գերիներու հարցաքննութիւնը կը շարունակուի

 

Ատրպէյճանի մէջ կը շարունակուի լկտի ոճը` հայ ռազմագերիներու «քրէական հետապնդման» տեսքով: Տեղական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն եւս 26 հայ ռազմագերիներու առնչութեամբ «նախաքննութեան» աւարտի մասին:

 

«Անդրանիկ Միքայէլեանին, Սեդրակ Սողոմոնեանին, Ռաֆիկ Կարապետեանին եւ միւս, ընդհանուր առմամբ, 26 ամբաստանեալներուն մեղադրանք առաջադրուած է Քրէական օրէնսգիրքի 5 յօդուածներով՝ ահաբեկչութիւն, զէնք պահել, պետական սահմանի ապօրինի հատում եւ այլն»,- ըսուած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան յայտարարութեան մէջ:

Նշենք, որ աւելի վաղ դատարան ուղարկուած էին 14, այնուհետեւ 13 հայ ռազմագերիներու դէմ «քրէական գործերը»: