image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա կը շարունակէ գրոհել Իրաքի մէջ գտնուող փախստականներու ճամբարները

Թուրքիա կը շարունակէ  գրոհել Իրաքի  մէջ գտնուող   փախստականներու   ճամբարները

Օրեր առաջ Թուրքիան կրկին հարուածած է Իրաքի հիւսիսը գտնուող փախստականներու Մախմուր ճամբարը, գրած է Аhval news-ը։

 

Յղում կատարելով հետախուզական տուեալներուն՝ թրքական կողմը հաւաստիացուցած է, որ հասցուած հարուածներու հետեւանքով սպաննուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան  (ՔԱԿ) անդամ՝ Հասան Ատիրը։

 

Աղբիւրը յիշած է, որ գրոհը տեղի ունեցած է այն բանէն մօտ մէկ շաբաթ ետք, երբ Թուրքիոյ օդուժի հարուածի հետեւանքով զոհուած էր առնուազն երեք մարդ այդ նոյն ճամբարէն։

 

Այն ժամանակ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած էր, որ հարուածը «չեզոքացուցած» է Սելման Պոզքիրը՝ ՔԱԿ Մախմուրի տարածքային ղեկավարը։

 

Էրտողան անկէ առաջ կատարուած հարուածով նախազգուշացուցած էր, որ Թուրքիան կրնայ գրոհել ճամբարը՝ զայն անուանելով «ահաբեկչութեան բոյն»։

 

Մախմուրը կը գտնուի թրքական սահմանէն 180 քիլոմեթր հարաւ, շատ աւելի խոր, քան միւս շրջանները, որոնց վրայ Թուրքիան կը յարձակի ՔԱԿ-ի դէմ գործողութիւններու ժամանակ։

 

Թուրքիան միշտ կը պնդէ, որ «պիտի մաքրէ» Մախմուրը, ինչպէս նաեւ Ղանտիլի լեռները Իրաքի հիւսիսը գտնուող եւ Եազիտի-Սինճար շրջանը ՔԱԿ գրոհայիններէն։ Ապրիլի վերջաւորութեան, թրքական կողմը սկսաւ իր վերջին օդային եւ ցամաքային յարձակումը Իրաքի հիւսիսի այդ խմբաւորման դէմ։

 

Աղբիւրը յիշած է, որ Մախմուր ճամբարը հիմնուած է 1990-ականներուն քիւրտերուն կողմէ, որոնք սահմանը հատելով փախած էին Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի  հակամարտութեան պատճառով։ Ան կը գտնուի  ՄԱԿ-ի տիրոյթին մէջ եւ մօտաւոր 12 000 քուրտ փախստականներու բնակեցման վայրն է։