Անծանօթ երիտասարդներ քիչ առաջ յարձակած են Պէյրութի կեդրոնական «Ռիատ ալ Սոլհ» հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն վրայ։
Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը: Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ յարձակում գործողները կոտրտած են ցուցարաներուն վրանները եւ նիւթական վնաս հասցուցած հրապարակին վրայ տեղադրուած ամպիոնին։
Դէպքը տեղի ունեցած է շրջանին հսկող ապահովական մարմիններու աչքերուն առջեւ, որոնք սկիզբը չեն արձագանգած եղածին եւ ապա նկատելով, որ դէպքերը վատ սենարով կրնան զարգանալ, մօտեցած են դէպքի վայր՝ փորձելով զսպել յարձակում կատարողները։
Ներկայիս վախի եւ ահի մթնոլորտ մը կը տիրէ «Ռիատ ալ Սոլհ» եւ «Նահատակաց» հրապարակներուն վրայ։
Յիշեցնենք, այս յարձակումները տեղի կ՚ունենան Վարչապետ Հարիրիի
հրաժարման վերաբերեալ տարածուած լուրերէն անմիջապէս ետք։