Դժգոհ է հալէպահայութիւնը: Դժգոհ են բոլորը:
Լա Փալիսեան ճշմարտութեան վերածուած են երկու անհերքելի իրականութիւններ:
Այն, որ բոլոր գացողներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը շատ գէշ պայմաններու մէջ կ'ապրի
եւ Մնացողները քաջ գիտնալով հանդերձ այս իրողութիւնը կը փորձեն ամէն գնով հեռանալ Հալէպէն ըսելով, որ գոնէ զաւակներու կեանքին վտանգ չի սպառնար հոն՝ այսինքն աշխարհի որեւէ անկիւն ուր կարելի ըլլայ երթալ...
Կայ նաեւ երրորդ տխուր իրականութիւն մը. Բոլորը՝ աշխատողներն ու անգործները, ապրելու համար կարիք ունին նիւթական օգնութեան, անմիջապէս շեշտենք՝ խօսքը արժանավայել ապրելու մասին չէ՛, այլ գոյութիւնը քաշքշելու:
Դրսեցի դարձածներուն մասին շատ բան չենք կրնար ըսել, չենք ալ ուզեր լսածով գիտակ ըլլալ ձեւացնել, իրենք թող ըսեն. մեր գիտցածը այն է, որ անոնք կը մնան հալէպցի՝ հոգով ու սրտով, անոնց ուշքն ու միտքը հոս է, բան ու գործ ձգած կը հետեւին լրատու կայաններուն եւ յաճախ երբ դեռ մենք չենք գիտեր թէ մեր ետեւի փողոցի պայթիւնը ի՛նչ աւերներ գործած է, կը հեռաձայնեն խեղճերը եւ մեզի մանրամասնութիւններ կը հաղորդեն: Մէկ խօսքով անոնք շատ մօտէն կը հետաքրքրուին մեզմով եւ իրենց սիրելի քաղաք Հալէպով, եւ եթէ մեր վիճակը ցաւալի է ու կը տառապեցնէ մեզ, ապա հեռացածները կը տանջուին կրկնակի տառապանքով՝ իրենց քաշածը չի բաւեր, տակաւին մերն ալ կը գումարուի, եւ մեղք կը գործէ ան որ կ'ըսէ- Գացիք, մեզ հանգիստ ձգեցէ՛ք, մի՛ ձեւացնէք թէ իբր կը հետաքրքրուիք մեզմով:
Անոնք չեն ձեւացներ, եւ մենք իրաւունք չունինք զիրենք մեզմէ բաժնելու, գացողները եւ մնացողները նոյնն են, մէկ ամբողջութիւն, ասոնց կը գումարուին նաեւ հին հալէպցիները, որոնք տասնեակ տարիներ առաջ հեռացած են Հալէպէն սակայն դեռ այս քաղաքը այնքա՜ն հարազատ է իրենց, հարազատ մնացած ենք նաեւ մենք իրենց համար, եւ առանց նսեմացնելու այլոց կատարածը պէտք է գիտնանք որ նիւթական եւ բարոյական մեր առաջին նեցուկը դուրսի հին եւ նոր հալէպցիներն են:
Ինչո՞ւ այս մասին կը մտորեմ. որովհետեւ այս պարագան՝ գացողն ու մնացողը զանազանող մտայնութիւնը կը սկսի արմատանալ մեր մէջ, ինչպէս որ արմատացած են Հայաստանցի-Սփիւռքահայ, Պէյրութցի-Հալէպցի, Տեղացի-Աղբար ու այլ եւ այլ, եզրերու վերածուած, անհեթեթ հասկացութիւններ:
Ո՛չ գացողը դաւաճան է եւ ո՛չ ալ մնացողը հերոս:
Կրնա՞նք ըսել գացողը խելք ունի, մնացողը՝ ո՛չ:
Ըսած ենք, կամ ո՛չ, նոյնը չէ՞:
Ընդհանուր, ազգային մէկ ռազմավարութեան չգոյութեան պատճառ-հետեւանքով, անդիմադրելի եւ անդիմանալի ողբերգութեան մը դէմ-հանդիման կանգնած գաղութի մը զաւակները կը գործեն անհատապէս, ամէն մէկը ըստ իր հնարաւորութեան կամ ցանկութեան, կամ դիմագրաւած վտանգի գիտակցութեան, յաճախ երիտասարդ տարիքի զաւակը երկրէն հեռացնելու հրամայականին ենթարկուելով, մանուկ զաւակներուն կեանքին սպառնացող վտանգը չեզոքացնելու թելադրանով քայլեր առնելու ստիպողականութեամբ. այս պարագային ի՞նչ որակաւորում կրնանք տալ ասոր կամ անոր...
Եկէ՛ք որակաւորելու իրաւունք չտանք մենք մեզի:
Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար հաւասարապէս մտածել թէ, ի՞նչ ընենք որ Պէյրութ ապաստանող հայուն զաւակը դպրոցական կրթաթոշակ բոլորովին չվճարէ, ի՞նչ ընենք որ Պէյրութի մէջ Գանատա երթալու սպասող հայ ընտանիքներուն վիճակը տանելի պայմաններ ունենայ, եւ մանաւանդ՝ ի՞նչ ընենք որ Հայաստան ապաստանած հայերուն մէջ պակսի թիւը Եւրոպա երթալ ուզողներուն եւ դեռ հաւաքականօրէն մտածենք թէ կրնա՞նք քայլեր առնել այստեղի գաղութը պահելու, այս դժուարին օրերուն կրնա՞նք հոս մնացողներուն կեանքը մուրացկանի կեանքէն տարբեր ապրելակերպի մը վերածել, կամ անոնց կեանքը քիչ թէ շատ ապահովող միջոցներ կա՞ն, կամ առնուազն կրնա՞նք գիտնալ թէ հոս մնացողներու անհատական կողքին հաւաքական կեանքին վտանգ կը սպառնա՞յ, թէպէ՞տք է բոլորը հեռանան, որովհետեւ ոչ մէկ երաշխիք կայ անոնց կեանքի ապահովութեան համար, այդ պարագային՝ ինչպէ՞ս:
Այս հարցումները կը չարչրկեն միտքս ու ես յաճախ բարձրաձայն կը մտորեմ ասոնց մասին, սակայն կարծես անապատի մէջ ըլլամ, ինծի կը թուի, թէ ձայնս շատ տկար է եւ անլսելի. ինքզինքիս կ'ըսեմ.
-Քեզի ի՛նչ, լռէ՛ եւ գլխուդ ճարին նայիր, գալիքդ դուն ընտրէ՛, եթէ հոս մնաս, կրնաս շան պէս մեռնիլ (սատկիլ պիտի չըսեմ չվիրաւորելու համար նաեւ ինքզինքս), եթէ երթաս, թերեւս օրապահիկդ շահելու համար ստիպուիս ուրիշին շունը պտտցնել...
Յետոյ անմիջապէս կ'աւելցնեմ.
-Դուն մինակ չես, դուն հալէպահայ ես՝ մասնիկ մը աշխարհացրիւ հալէպահայութեան (իմա՝ հայութեան), դուն մինակդ չես այս հարցերով միտքդ չարչրկողը, բոլորը նոյնը կը մտածեն եւ զիրար կը լսեն... կ'ուզես որ պատասխանատուներն ու ղեկավարներն ա՞լ ականջ դնեն...
Մէկը ինծի կրնայ ըսել.
-Պատասխանատուներն ու ղեկավարները քեզի չափ խելք չունի՞ն. Վստահ եղիր անոնք կը մտածեն մեր մասին. քեզի՞ պիտի ըսեն թէ ի՛նչ կը ծրագրեն եւ կամ ի՛նչ քայլեր կ'առնեն:
-Իրաւունք ունիս,- պիտի մրթմրթամ փորձելով ժպիտ մը ուրուագծել դէմքիս վրայ:
Մանուէլ Քէշիշեան
Հալէպ, 7 Սեպտ. 2015
Արտատպելու պարագային յղումը` «Արեւելք»ին (www.arevelk.am) պարտադիր է: