Ժընեւի Հայաստանեայց առաքելական սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ օրերս կիսսարկաւագի աստիճան տրուած է համայնքի աշխոյժ երիտասարդներէն Րաֆֆի Կիրակոսեանին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Զուիցերիոյ թեմէն, որ նաեւ նշեց, որ ձեռնադրութիւնը կատարուած է, ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Վատիկանի մօտ, Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի։
Ստորեւ մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
Այսօր՝ Կիրակի 30 Մայիս 2021-ին, Ժնեւի Սուրբ Յակոբ մայր եկեղեցւոյ մէջ Դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան աստիճանները ստացաւ, Սուրբ խորանի տարիներու նուիրեալ եւ արժանաւոր սպասարկու՝ Սիրիահայ երիտասարդ՝ Րաֆֆի Կիրակոսեանը, ձեռամբ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Վատիկանի մօտ, Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեանի, առընթերակայութեամբ Առաջնորդական Տեղապահ ՝ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանի.
Մեծ թիւով հաւատացեալներ մասնակցեցան սուրբ պատարագին ու դպրութեան եւ կիսասարկաւագութեան աստիճաններու տուչութեան հոգեպարար արարողութեան։ Օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը մատուցեց՝ Առաջնորդական Տեղապահ՝ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեանը։