ԱՄՆ-Իրան. Համաձայնութիւն, թէ խուսանաւում…
ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերջին յայտարարութիւններէն ետք, որոնց մէջ ան մօտալուտ համաձայնութեան մասին խօսեցաւ՝ Իրանի հետ պատերազմը աւարտելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ամերիկեան եւ միջազգային լրատուամիջոցներու հրապարակած տեղեկութիւններէն ետք, Թեհրանէն հնչած հակասական կեցուածքները մտահոգութիւն ստեղծեցին, թէ կրնան նոր խոչընդոտներ յառաջացնել ճգնաժամի լուծման ճանապարհին։
Թրամփ նախապէս յայտարարած էր, թէ խաղաղութեան համաձայնութեան վերաբերեալ յուշագիրի «մեծ մասը» արդէն բանակցուած է Իրանի հետ, եւ թէ այդ համաձայնութիւնը պիտի առաջնորդէ «Հորմիւզ»ի նեղուցի վերաբացման։ Ան իր «Truth Social» հարթակին վրայ գրած էր, թէ ձեւաւորուող համաձայնութիւնը պիտի ապահովէ նեղուցի վերաբացումը, առանց մանրամասնելու, թէ անկէ բացի ուրիշ ի՛նչ պիտի ներառէ այդ համաձայնութիւնը։ Թրամփ աւելցուցած էր. «Համաձայնութեան վերջին մանրամասնութիւններն ու կողմերը այժմ կը քննարկուին, եւ շուտով պիտի յայտարարուին»։
Իր կարգին ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն ալ վերահաստատեց Ուաշինկթընի դիրքորոշումը՝ ըսելով, թէ «Իրան երբեք չի կրնար ունենալ հիւլէական զէնք, պէտք է յանձնէ բարձր հարստացուած ուրանիոմը, եւ «Հորմիւզ»ի նեղուցը պէտք է բաց մնայ»։
Լրատուական որոշ տեղեկութիւններ նաեւ նշեցին, թէ Իրան համաձայնած է յանձնել բարձր հարստացուած ուրանիոմը, առանց նշելու, թէ ո՛ր կողմը պիտի ստանձնէ զայն։
«Axios» կայքին հետ խօսած երկու տեղեկատու աղբիւրներու համաձայն, Իրան միջնորդներու միջոցով Միացեալ Նահանգներուն փոխանցած է բանաւոր երաշխիքներ՝ այն զիջումներուն վերաբերեալ, որոնք պատրաստ է ընելու՝ հարստացման կասեցման եւ հարստացուած ուրանիոմի պաշարէն հրաժարելու հարցով։
Սակայն Թեհրանէն եկած հակադիր կեցուածքները սկսան երեւիլ Թրամփի յայտարարութիւններէն եւ մամուլի տեղեկութիւններէն ժամեր անց։
Իրանեան բարձրաստիճան աղբիւր մը «Reuters» լրատու գործակալութեան յայտնեց, թէ Թեհրան չէ համաձայնած յանձնելու բարձր հարստացուած ուրանիոմի իր պաշարը։ Աղբիւրը նաեւ շեշտեց, թէ իրանեան հիւլէական թղթածրարը մաս չի կազմեր Միացեալ Նահանգներու հետ նախնական համաձայնութեան։
Աղբիւրը այս առումով մասնաւորապէս ըսած է. «Հիւլէական թղթածրարը պիտի քննարկուի վերջնական համաձայնութեան բանակցութիւններուն ընթացքին, հետեւաբար ան այժմ մշակուող համաձայնութեան մաս չի կազմեր»։ Աղբիւրը նաեւ շեշտած է, թէ «ոչ մէկ համաձայնութիւն գոյացած է Իրանի բարձր հարստացուած ուրանիոմի պաշարը երկրէն դուրս փոխադրելու շուրջ»։
Աշխարհաքաղաքականութեան մէջ նոր «ճեղքե՞ր»
Միացեալ Նահանգներ -Իրան համաձայնութեան նախագիծը գրեթէ պատրաստ է. ի հարկէ երկու կողմերուն համար ալ իտէալական չեն պայմանները, բայց առաջին հայացքով մը կարող ենք յստակօրէն դիտարկել, որ
Իրանը ծունկի չեկաւ այս պատերազմէն եւ մեծ ու կարեւոր առիթ մը ունի ամբողջապէս վերականգնելու եւ իր արդար տեղը գրաւելու Մերձ. Արեւելան կտրուածքով։
Մեզմէ շատ-շատերուն կանխատեսումները կերպով մը սխալ դուրս եկան եւ այս պատերազմէն ետք յայտնի դարձաւ, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը շատ աւելի խորքային արմատներ ունի քան շատեր եւ յատկապէս անոր հակառակորդները, բայց մանաւանդ Միացեալ Նահանգները կը պատկերացնէր...
Այս բոլորի լոյսին տակ, յառաջիկայ փուլը ԱՄՆ- Իսրայէլ տարակարծութիւններու եւ «ցնցումներ»ու փուլը պիտի ըլլայ։
Միացեալ Նահանգները շատ լուրջ եւ «հարցադրողական» փուլ մը կը մտնէ. Ան այլեւս «Հայր» չէ եւ խնդիրներ պիտի ունենայ իր «հին» եւ վստահելի դաշնակիցներուն հետ։
Խնդիրներ ՝ Արաբական Ծոցի երկիրներուն, խնդիրներ՝ Եւրոպայի հետ։
Ասոր դիմաց չեմ բացառեր, որ ԱՄՆ եւ անձամբ նախագահ Տանըլտ Թրամփ իրենց մեծ գրաւը դնեն՝ Փեքինի եւ Մոսկուայի վրայ։
Հանդարտիլ է պէտք եւ այդ հանդարտութիւնը նաեւ մեզի՝ հայերուս կը վերաբերի։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս