Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Թոմի Փիկոթ յայտարարած է, որ Իսրայէլն ու Լիբանանը առաջընթաց արձանագրած են խաղաղութեան շուրջ ուղիղ բանակցութիւններու չորրորդ փուլին։ Այս մասին նշուած է Փիկոթի X հարթակի գրառման մէջ։
«Իսրայէլի եւ Լիբանանի պատուիրակութիւնները այսօր հանդիպեցան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ՝ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ կազմակերպուած ուղիղ բանակցութիւններու չորրորդ փուլի համար։ Քաղաքական եւ անվտանգային հարցերու շուրջ առաջընթացը կը շարունակուի, մինչ կը յաղթահարենք վերջին 20 տարիներու ձախողութիւնները եւ կը շարժինք դէպի Լիբանանի ինքնիշխանութեան վերականգնման ու Իսրայէլի անվտանգութեան ապահովման միտուած համապարփակ համաձայնագիր»,– նշուած է գրառման մէջ։
Խօսնակը շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ամբողջովին յանձնառու մնալ այս պատմական բանակցութիւններուն աջակցելու գործին։
Ան նաեւ յայտնած է, որ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը նախատեսուած է Յունիս 3-ին։
Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպաններու մակարդակով բանակցութիւններու երրորդ փուլը տեղի ունեցած էր Ուաշինկթընի մէջ՝ Մայիս 14-ին։
Յունիս 1-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Իսրայէլը եւ լիբանանեան շիա «Հըզպալլա» շարժումը հրադադար հաստատած են։
Սակայն լիբանանեան լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ իսրայէլեան ուժերը կը շարունակեն հարուածել հարաւային Լիբանանը։