«Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան համահիմնադիր, «Մեր ձեւով» ՀԿ հիմնադիր Ալիկ Ալեքսանեանը երկու ամիսով կալանաւորուած է։
Այս մասին կը յայտնեն Քննչական կոմիտէէն։
Ան կը մեղադրուի առանձնապէս խոշոր չափերով փողերու լուացման եւ հաւաքներուն մասնակցելու նպատակով քաղաքացիները նիւթապէս շահագրգռելու համար։
Ալիկ Ալեքսանեանը ձերբակալուած էր յունիս 2-ին։