Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան մասնակցած է Պաքու-Թիֆլիսի-Կարս երկաթգիծի վերաբացման պաշտօնական արարողութեան։ Միջոցառումը տեղի ունեցած է յունիս 2-ին Ախալքալաքի կայարանին մէջ, որուն Վրաստանի վարչապետի գլխաւորութեամբ մասնակցած են շարք մը երկիրներու՝ հաղորդակցութիւններու ոլորտի նախարարներ, այդ շարքին՝ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ պաշտօնեաներ։
Միջոցառման արդիւնքներով, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին, վրացական հատուածի արդիականացումէն ետք, կը մտնէ վերագործարկման փուլ։ Վրացական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Մարապտա-Կարծախ 180 քիլոմեթր երկարութեամբ երկաթուղային գիծէն վերանորոգուած է 153 քիլոմեթրը, որ համալրուած է նաեւ եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանող 27 քիլոմեթր երկարութեամբ նոր երկաթուղային հատուածով։
Արդիականացման աշխատանքներու շնորհիւ պիտի բարձրանայ նաեւ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիին տարողունակութիւնը՝ տարեկան 1 միլիոն թոնէն հասնելով 5 միլիոն թոնի։
Հայաստանի տեսանկիւնէն, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին անմիջական կարեւորութիւն ստացաւ օրերս Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հետեւանքով, երբ մայիս 24-ին Երեւանն ու Անգարան յայտարարեցին Հայաստանի համար Կարս-Ախալքալաք երկաթուղիի բացման մասին։ Այդ որոշման նախորդած էր Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ եւս մէկ յայտարարութիւն, որ կը վերաբերէր մաքսային ոլորտէն ներս երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի առեւտրական կապերու հաստատման։
Միջազգային տեսանկիւնէ, Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին կը նկատուի Անդրկասպեան միջազգային փոխադրամիջոցային ուղիին՝ «Միջին միջանցք»-ին մաս կազմող Կովկասեան հատուածը։ Հարաւային Կովկասի մէջ այս միջազգային միջանցքին մաս կը նկատուի նաեւ TRIPP նախագիծը, որ, Ատրպէյճանը Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանին կապող ուղիէն զատ, ապագային կրնայ նաեւ Չինաստանը կապել Եւրոպային։
Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի արդիականացման վերաբերեալ վերջին պայմանաւորուածութիւնները վերջնականացուած են մայիս 18-ին Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէի Պաքու կատարած այցելութեան ընթացքին։ Կողմերը, այլ հարցերու շարքին, համաձայնած էին նաեւ վերագործարկել Պաքու-Թիֆլիս մարդատար գնացքը, որ իր երթեւեկութիւնը վերսկսաւ մայիս 26-ին՝ վեց տարուան դադարէ ետք։