Այսօր Լիբանանի քաղաքացիական աւերիչ կռիւներուն 46-րդ տարին կը բոլորի։
Նկատեցի, որ շատեր գրառումներ կատարած են այս առիթով։
Երկու դրուագ ալ ես պատմեմ, ի տես եւ ի յարգանք այս լուսանկարներուն․․․
Յիշեցի, որ երկու անգամ մահուընէ փրկուած եմ․․․
Կեսօրէ ետք մը հանդերձ ընտանեօք տունն ենք։ Ծնողքս, սովորութեան համաձայն, երկնցած են ու գիրք կը կարդան։ Մենք, այսինքն քոյրս, եղբայրս ու ես՝ դաս։ Անակնկալօրէն կրակոցներու ձայներ կ՝որոտան։ Մեր նստասենեակի պատշգամի ապակիները կը փշրուին ու փամփուշտներու տառ(ր)ափը կը սկսի ծակծկել դիմացի պատը։ Բոլորով գետին կը պառկինք ու սողալով կը հասնինք կողքի՝ աւելի ապահով սենեակը։ Կրակոցները կը սաստկանան։ Վարէն, "մեր տղաքը" "Թաց սաւան նետեցէ՛ք" կը պոռան։ Մայրս ինքզինք չի կոսնցնէր։ Անմիջապէս անկողիններէն մէկուն սաւանը կը քաշէ ու նախախնամութեան կամօք արդէն իսկ նախապէս ջուրով լեցուն դոյլի մը մէջ թաթխելով պատուհանէն վար կը նետէ։ Ժամ մը ետք կրակոցները կը դադրին։ Տղոցմէ մէկը դուռը թակելով կ՝ըսէ․"Վտանգաւոր է հոս։ Պէտք է ձեզի Պուրճ Համուտ փոխադրենք։ Շտապ պատրաստուեցէ՛ք եւ վար իջէ՛ք"։ Կը պարզուի, որ պղտոր ջուրերու մէջ ձուկ որսացող զինեալներ հայկական թաղամասերուն վրայ ոտնձգութիւններ կատարելու փորձեր կ՝ընեն եւ "Մեր տղոց" հետ կռուի կը բռնուին։ Երբ վար իջանք, ելքին՝ մօրս հասցուցած թաց սաւանով փաթթուած նահատակ մը կը ննջէր ․․․
Պատանի հոգիս ալեկոծուած էր ․․․
Իսկ երբ աննման մեր տղոց առաջնորդութեամբ հասանք հանրակառքի այն գիծը, ուրկէ վտանգաւոր անցքով «Արաքս» փողոցը պիտի հատէինք եւ տղաքը, ապահովելու համար մեր ապահով անցումը, հակառակ ուղութեամբ կրակահերթ պիտի բանային, հայրս ըսաւ անոնց․ " Տղա՛ք, ուշադրութիւն ըրէ՛ք։ Վտանգաւոր է ըրածնիդ, ապահով բան չէ՛ք ըներ․․․"։
Պատասխանը եղաւ խիստ, չոր, կարճ ու կտրուկ․«Տէր հա՛յր, մեզի համար հիմա Ձե՛ր ապահովութիւնն է կարեւորը»․․․
Երկու օր ետք, երբ խաղաղութիւն հաստատուեցաւ եւ տուն վերադարձանք։ Գնդաձիրները ահագին աւերներ գործեր էին։ Նստասենեակին ու ննջասենեակիս պատերը՝ մաղի տեսք ստացած էին։ Ննջասենակիս պատէն կախուած երկու սիրելի իրերուս փամփուշտ չէր դպած ու խրոխտ ու անսասան մնացած էին։ երկուքն ալ Երուսաղեմէն բերուած։ Մէկը Մարիամ Աստուածածինի արձանինկն էր, զոր ատկէ քանի մը տարի առաջ հետս բերած էի Երուսաղէմէն, ուր գացած էի իբրեւ ժառանգաւորացի սան, իսկ միւսը՝ Դաշնակցութեան զինանշանը, զոր հայրս իր հետ երուսաղեմէն բերած էր ժառանգաւորացի ի՛ր օրերէն․․․
Ուրիշ օր մըն ալ, երբ ընկերներով հաւաքուած էինք ակումբին բակը, յանկարծ «հերթական» ռմբակոծում մը սկսաւ։ Մեծերը մեզի տուն ճամբեցին։ Մեր թաղի փողոցը դառնալէս բառացիօրէն ակնթարթ մը առաջ ռումբ մը ուժգին որոտաց։ Տեսարանը աննկարագրելի էր։ Ես հրաշքով փրկուեցայ կրկին, սակայն չորս կիներ ու աղջիկներ, որոնցմէ մէկը պատանեկան միութեան մեր անուշիկ ընկերուհին՝ Անի Էքմէքճեանը, աչքիս առջեւ զոհուեցան․․․ (Յիշեցի "Ազդակ" օրաթերթի առաջին գրութիւններէս մէկը, որ պատանի ընկերոջս՝ Վիգէն Աւագեանին հետ գրեցինք Անիի յիշատակին․․․) "Մեր տղաքը" հոս ալ անմիջապէս վրայ հասան։
Յետոյ մեծցանք ու մենք ալ մաս կազմեցինք «Մեր տղոց»։ Հայաստան ուսումնառութեան մեկնելով ես "ազատեցայ" Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներէն։ Սակայն ուրիշ օր մըն ալ կոսնցուցի ամենէն սիրելի ընկերներէս՝ Եղիկ Գայայեանը։ Իր կերպարին մասին կարելի է շատ երկար գրել։ Ընկերներս գրած են արդէն։ Ես ալ պիտի գրեմ օր մը։ Հայաստան երթալէս ետք իրմէ ստացայ դեղին թուղթի վրայ գրուած երկար նամակ մը (Աններելի եմ այդ նամակը կորսնցուցած ըլլալուս համար)։ Այնուհետեւ նահատակութեան գոյժը վրայ հասաւ։ Խումբ մը ընկերներով Էջմիածնի Սուրբ Հռիփսիմէ տաճառին մէջ հոգեհանգիստը կատարեցինք։ Ինկած էր հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան ի խնդիր․․․
Ովքե՞ր էին մեր ապահովութեան համար ինքզինքնին վտանգող այն օրերու մեր անոյշ ու արի տղաքը։ Երկու պարագաներուն ալ, ընդհանուր խառնակ այդ վիճակներուն պատճառով դէմքերը չեմ կրնար մտաբերել։ Տարիքով 60-ը թեւակոխած պէտք է ըլլան հիմա։ Եթէ պատահմամբ կարդան քանի մը կաթիլ արցունքով գրուած այս տողերը, անոնց մէջ պարուրուած թող գտնեն սէրս, կարօտս, երախտագիտութիւնս ու յարգանքս․
Զաքար Քէշիշեան