image

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը չյայտարարուած այցով ժամանած է Ուքրանիա

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը չյայտարարուած այցով ժամանած է Ուքրանիա

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէ չյայտարարուած այցելութեամբ ժամանած է Քիեւ։ Այս մասին գրած են շարք մը լրատուամիջոցներ՝ յղում կատարելով Ուքրանիոյ երկաթուղիներու ազգային ընկերութեան, որ աւելի ուշ ջնջած է ընկերային ցանցի իր հրապարակումը։

«Այսօր Քիեւի երկաթուղային կայարանին մէջ մենք ուրախութեամբ կ՚ողջունենք ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն»,– գրած էր ընկերութիւնը՝ կից հրապարակելով կայարանին մէջ ՆԱԹՕ-ի ղեկավարին լուսանկարները։

Ընկերութիւնը նաեւ նշած էր, որ Ռիւթէի այցելութիւնը չափազանց կարեւոր է, ինչպէս նախորդ այցելութիւնները, որովհետեւ այն «դաշինքին կողմէ մեր երկրին հանդէպ համերաշխութեան եւ աջակցութեան արտայայտութիւն է»։

Ռիւթէի այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ շարունակուող սաստիկ հարուածներու լոյսի ներքոյ։ Յունիս 2-ին ռուսական ուժերու հարուածներուն հետեւանքով Ուքրանիոյ մէջ 23 մարդ զոհուած էր։ Յունիսի 3-ին երկու կողմերն ալ հաղորդած են նոր հարուածներու մասին։ Ուքրանական ուժերուն կողմէ թիրախաւորուած է Սեն Փեթերսպուրկը, ուր պաշտօնեաներ եւ օտարերկրացի բարձրաստիճան հիւրեր կը պատրաստուին մասնակցելու միջազգային տնտեսական համաժողովի։