«Հոնկէ՝ Հոս» («Այնտեղէն՝ Այստեղ») համառօտ վաւերագրական ժապաւէնաշար մըն է այն սփիւռքահայերուն մասին, որոնք ընտրած են ապրիլ եւ նոր կեանք կերտել Հայաստանի մէջ։ Իւրաքանչիւր 10-15 վայրկեան տեւող ժապաւէն կը ներկայացնէ մէկ մարդկային պատմութիւն՝ իր դժուարութիւններով, յուշերով, փոքրիկ յաղթանակներով ու նոր սկիզբով։
Այս ժապաւէնաշարը կը պատմէ ոչ միայն հայրենադարձութեան, այլեւ՝ ինքնութեան, տունը վերագտնելու, արմատներուն վերադառնալու եւ պատկանելիութեան մասին։ Հալէպէն՝ Երեւան, Պէյրութէն՝ Կիւմրի, Եւրոպայէն՝ Դիլիջան... տարբեր ճակատագիրներ ու ճանապարհներ կը միանան մէկ ընդհանուր գաղափարի շուրջ՝ «ուրիշ տեղէ գալ եւ հոս տուն գտնել»։
Անկեղծ, եւ մարդկային պատմութիւններով «Հոնկէ՝ Հոս»-ը կը բացայայտէ այն մարդիկը, որոնք իրենց հետ Հայաստան բերած են ոչ միայն մշակոյթ եւ փորձառութիւն, այլեւ՝ նոր կեանք ստեղծելու կամք։ Այս պատմութիւնները կը խօսին, վերստին գտնուած հայրենիքի եւ նոր սկիզբներու մասին։