image

ԱՄՆ-ն յայտարարած է Թրամփի օրօք աւելի քան 900 000 անօրինական ներգաղթեալի արտաքսման մասին

ԱՄՆ-ն յայտարարած է Թրամփի օրօք աւելի քան 900 000 անօրինական ներգաղթեալի արտաքսման մասին

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները երկրէն արտաքսած է աւելի քան 900 000 ապօրինի ներգաղթեալ՝ 2025 թուականի Յունուարին Տանըլտ Թրամփի՝  Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր։ Այս մասին Breitbart News լրատուական հարթակին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ներգաղթի եւ Մաքսային Վերահսկողութեան ծառայութեան (ICE) պաշտօնակատար տնօրէն Տէյվիտ Վենթուրելլան։

«2025 թուականի Յունուար 20-էն ի վեր Ներքին անվտանգութեան նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներէն արտաքսած է աւելի քան 900 000 ապօրինի ներգաղթեալ։ Ներգաղթի եւ Մաքսային Վերահսկողութեան ծառայութիւնը (ICE) կը քննարկէ արտաքսումներու թիւը աւելցնելու բոլոր կարելի միջոցները»,– ըսած է ան։

Թրամփ աւելի վաղ յայտարարած էր, որ իր իշխանութեան գալէն առաջ մօտ 25 միլիոն մարդ ապօրինի կերպով մուտք գործած է երկիր։

Սպիտակ տան ղեկավարը բազմիցս արտայայտուած է նաեւ ներգաղթի քաղաքականութեան խստացման օգտին եւ խոստացած է իրականացնել ապօրինի ներգաղթեալներու արտաքսման՝ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ամենամեծ գործողութիւնը։